Իրաւարարին Վրայ Յարձակած Ըլլալուն Պատճառով`. Ֆութպոլիստ Մը 50 Տարիով Կախակայուեցաւ

1102_50-yearsԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Տը Կարտիըն» կը յայտնէ, որ զուիցերիական վարին դասակարգերէն մէկը («Պեռնի լիկա») ներկայացնող Ֆութպոլ Քլապ խումբին ֆութպոլիստ Ռիքարտօ Ֆերէյրա, որ թէեւ մրցումին ընթացքին պահեստի մարզիկ էր, 50 տարիով կախակայուեցաւ:

28 տարեկան Ֆերէյրա նախ գնդակով հարուածեց իրաւարարին դէմքին, ապա անոր վրայ ջուր թափեց եւ վերջապէս անոր վրայ յարձակեցաւ եւ վիրաւորեց զայն:

«Ես գիտէի, որ այս արարքիս համար պիտի կախակայուիմ 1-2 տարի, սակայն… 50 տարի՞: Ֆութպոլը իմ կեանքս է», ըսաւ ան:

Ան ֆութպոլի դաշտերը կրնայ վերադառնալ 5 յունիս 2064-ին, երբ արդէն կը դառնայ 78 տարեկան:

 

Share this Article
CATEGORIES