Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ուժը մի՛ գերագնահատէք. ո՛չ մէկ շահ ունիք ձեր ուժերը ցոյց տալով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ կարիքը ունիք խրատներու, սակայն, բոլոր ըսուածներուն կարեւորութիւն մի՛ տաք. ճանչցէք խրատ տուողները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամներու հետ լաւ գործակցութիւնը պիտի բարելաւէ ձեր ասպարէզը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադրութիւն` ձեր ասպարէզին մէջ. ունիք հակառակորդներ, որոնք պիտի ջանան արգելք ըլլալ ձեր յառաջդիմութեան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջապատին մէջ աւելի աշխուժ եղէք եւ փաստեցէք, որ շատ աւելի կարողութիւններ ունիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ կը մտահոգուիք ապագային մասին, որ ձեզ կ՛արգիլէ ձեր յառաջդիմութիւնը եւ ձեզ տեղ մը չի հասցներ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խոչընդոտներու կը հանդիպիք կեանքին մէջ. բայց մի՛ յուսալքուիք, կեանքը պայքար մըն է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնած էք եւ ջղային. քանի մը օրուան արձակուրդ մը ամէն բան կը բարելաւէ եւ լաւատեսութեան կ՛առաջնորդէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճկուն եւ փափկանկատ չէք ձեր շրջանակին հետ. քիչ մը համեստութիւն եւ գուրգուրանք ձեզի համար աւելի լաւ է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներողամիտ պէտք է ըլլալ շրջապատին հետ, քանի որ ամէն մարդ կրնայ սխալիլ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կեանքի փորձառութիւններէն դաս առէք եւ նոյն սխալը մի՛ կրկնէք. այսպիսով յաջողութիւնը ձեզի հետ կ՛ըլլայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը յարմար չէ աշխատանքին մէջ նորութիւններ բերելու. պատեհ առիթի սպասեցէք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES