Զմիւռնիայի Հայ Եւ Յոյն Բնակչութեան Բնաջնջման Սպառնալիքի Ժխտման Հետեւանքները (1922 Թ. Սեպտեմբեր) (Ա. Մաս)
ԹԵՀՄԻՆԷ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ
Մարդկային հասարակութեանը բնորոշ է ընկերային-հոգեբանական մի օրինաչափութիւն, որը չի շրջանցում թէ՛ անհատին եւ թէ՛ մարդկանց խմբին. հանգամանքների բերումով եւ տարբեր իրադրութիւններում այն արթնացնում է մարդու հոգու խորքում նիրհող բարբարոսական գրգիռները: Այս երեւոյթը հոգեբանութեան մէջ յայտնի է հոգեբանական նահանջ (ռեկրեսիա) անուամբ: Մարդկանց խմբերի վրայ առաւել աշխուժ դրսեւորումներ ունի մարդածինային (եղափոխութեան) նահանջը, որի էութիւնն այս կամ այն չափով քաղաքակիրթ մարդու կամ մարդկանց խմբի հոգեւոր վերադարձն է դէպի նախնադարեան հօտի մակարդակ: Այս երեւոյթն ի յայտ է գալիս յատկապէս զանգուածային նախայարձակման պայմաններում, որի ամենացայտուն դրսեւորումը ցեղասպանութիւնն է:
Փաստօրէն նախայարձակը (տուեալ պարագայում` դահիճը), ի կատար ածելով իրեն վիճակուած աշխատանքը, կամայ թէ ակամայ դառնում է մարդու դէմ ուղղուած յանցագործութեան կատարածուն, մասնակիցը եւ մեղսակիցը, այն է` յանուն պետութեան շահի, աւարտին է հասցնում ստանձնած յանձնարարականը: Մինչդեռ, ինչպէս նշում է հոգեբան Կ. Նալչաջեանը, մարդն իր յարձակողապաշտ վարքագծին արդարացումներ տալու ներքին պահանջ է զգում, որը եւ բաւարարւում է զոհի վարկաբեկմամբ: Այս մեքանիզմը մեծապէս օգնում է նախայարձակին` ապագայ զոհին անմարդկային յատկանիշներ եւ վտանգաւոր դիտաւորութիւններ վերագրելու հարցում: Համանման յատկանիշները վերագրւում են նաեւ մարդկանց խմբին, երբ զոհի վարկաբեկման հետ մէկտեղ անհրաժեշտ է դառնում համահարթեցում, այն է` բոլորը, տղամարդ թէ ծերունի, կին թէ երեխայ, առանց խտրութեան, արժանի են միեւնոյն վերաբերմունքին:
Քրիստոնեաներին ոչնչացնելն օրինաչափ դարձնելու նպատակով յօրինուած եւ յարմարեցուած արդարացումների լաւագոյն օրինակներից է Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ իրականացրած Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան` Թուրքիայի ներքին գործերի նախարար Թալէաթի նախագահութեամբ անցկացուած գաղտնի խորհրդակցութեան ընթացքում իթթիհատի կենտրոնական կոմիտէի անդամներից մէկի` դիւանապահ, բժիշկ Նազըմի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Վայրագութիւնը բնութեան օրէնքն է, հարցը ասոր ընդունելի կամ մերժելի ըլլալը տրամաբանելու մէջն է: Բոլոր կենդանիները, նոյնիսկ բոյսերը զիրար ուտելով, զիրար ջնջելով չե՞ն սնանիր, ուրեմն ասոնց զիրար ուտելն եւ զիրար ջնջելը արգիլեցէք. բայց վայրագութիւն է կրնա՞նք ըսել»:
Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան` Քասթամոնուի պատասխանատու քարտուղար, պատգամաւոր, կրօնական գործիչ Հասան Ֆեհմին վկայակոչում է արեւելեան գիտութիւնն ու մահմետական սուրբ օրէնքը` շարիաթը, ըստ որոնց, այն ամէնը, ինչը վնասակար է, պէտք է կործանուի:
Հետաքրքիր է Հ. Պօղոսեանի դիտողութիւնը. «Բնութեան մէջ ոչինչ կայ յեղակարծ, հոգեկան աշխարհի մէջ ոչինչ յանկարծակի տեղի կ՛ունենայ: Ամէն արդիւնք պատճառ մը եւ ամէն հոգեկան երեւոյթ հոգեկան նախագործողութիւն մը կ՛ենթադրէ… Թշնամին ջարդերէ ու տեղափոխութիւններէ առաջ կը սկսի իր ներքին թշնամութեան եւ չարամտութեան նշանները ցոյց տալ: Նախ կեդրոնը իր մէջ դիւային ծրագիրներ կը դարբնէ եւ յետոյ զայն գործադրելու համար երկրին ամէն կողմը եւ կամ մասնաւոր կեդրոններ գտնուող պաշտօնեաներու, խաֆիյէներու (գաղտնի գործակալ – Ա.) կրօնամոլ մոլլաներու եւ կարեւոր ու ազդեցիկ պէյերու եւ անձնաւորութիւններու կը դիմէ: Այս վերջիններն ալ իրենց կարգին կանխամտածուած այս դիւային ծրագիրները յարմար միջոցաւ մը իրենց մարդոց կը պարզեն, անոնց միտքը կը թունաւորեն, որպէսզի որոշեալ օրուան համար խուժանային միտքը կազմ ու պատրաստ ըլլայ… Ջարդերէն առաջ պատահող շփոթութիւնները, վրդովմունքն ու յուզումներն են, որ ամբողջ ժողովուրդը ոչխարային հոգեբանութեան մը, խուժանային վիճակի մը կ՛ենթարկեն: Անոնց կապարային ծանրութեան տակ ամբողջ ժողովուրդը կը հիւծի, կը ճնշուի, մինչեւ որ տիրական ձայն մը, ցեղային հոգի մը, այդ ճնշուած յուզումներուն ազատ ելք մը տայ»:
Փաստօրէն, ըստ նրա, ցեղասպանութեան կազմակերպիչները ստեղծում են որոշակի մթնոլորտ` այն հնարաւորինս դիւրին իրականացնելու նպատակով: Այսպէս, մշակւում է գործողութիւնների որոշակի ծրագիր, որը նպատակաուղղուած է թէ՛ ցեղասպանութեան զոհերի եւ թէ՛ այն իրականացնողների հոգեբանութեան` համապատասխանաբար ընդարմացմանն ու խեղաթիւրմանը:
Մահուան դատապարտուած մարդկանց խումբը հնազանդ եւ կառավարելի դարձնելու նպատակով ցեղասպանութեան կազմակերպիչները փաստօրէն ստեղծում են հոգեբանական այնպիսի մթնոլորտ, որը նրա մօտ փրկութեան ինչ-որ միջոց ունենալու հաւատ է սերմանում: Ըստ այդմ, արդէն զոհի կարգավիճակ ստանձնած ժողովուրդը կամ մարդկանց խումբը հոգեբանօրէն կախման մէջ է ընկնում դահճից: Հետեւաբար այդպիսի պայմանները հարկադրում են նրանց ծանրութեթեւ անել իրենց վարքագիծն ու պահուածքը եւ լինել աւելի հնազանդ: Ամերիկացի հոգեբան Սթենլի Միլկրամը մի փորձ է կատարել եւ այն համեմատել ցեղասպանութեան հետ: Նա յանգել է միակ հնարաւոր եզրակացութեան, ըստ որի, շարքային մարդիկ, այս կամ այն յանձնարարութիւնը կատարելիս չունենալով որեւէ թշնամական մտադրութիւն, կարող են դառնալ կործանարար գործողութիւնների կատարածուներ նոյնիսկ այն դէպքում, երբ գիտակցում են դրանց կործանարար բնոյթը, անհամապատասխանութիւնը բարոյականութեան չափանիշներին, սակայն անում են այն, ինչն իրենց պարտադրուած է:
Անկախ այն բանից` յանցագործներն անմեղ մարդկանց կեա՞նքն են խլում, թէ՞ ոչ, նրանք հիմնականում շարքային մարդիկ են, սակայն մարդիկ, որոնք այդ յանցանքը կատարելու պարտաւորութիւն են զգում, այսինքն, իրենց կարծիքով, կատարում են կեանքում իրենց վերագրուած ընկերային դերը:
«Ինքնապաշտպանական Բնա՞զդ», Թէ՞
Իրողութիւնների Խեղաթիւրուած Ընկալում
1922 թ. սեպտեմբերին Զմիւռնիայում քրիստոնեայ բնակչութեան ոչնչացման յանցաւոր ծրագիրը մշակելիս, որպէս իրենց գործողութիւնների ապահովման եւ աւարտին հասցնելու երաշխիք, քեմալականները շահարկել են հոգեբանական տարբեր գործօններ, որոնցից թերեւս ամենապարզունակը` քրիստոնեայ բնակչութեանը յանկարծակիի բերելն էր: Այսինքն քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը լայն առումով պէտք չէ հաւատ ընծայէր առաջիկայ կոտորածի սպառնալիքին եւ, առաւել եւս, ցանկութիւն դրսեւորէր մասնակցելու արագօրէն ծաւալուող յանցագործութիւնների խոչընդոտմանը:
Սոյն յօդուածում քննարկւում է կանխամտածուած ոճրագործութեանն առնչութեամբ Զմիւռնիայի հայ եւ յոյն քրիստոնեայ բնակչութեան դիրքորոշման հիմնախնդիրը: Պարզաբանենք. բացառելով իրենց ոչնչացման հնարաւորութեան հաւանականութիւնը` քաղաքի հայ եւ յոյն քրիստոնեայ բնակիչներն իրականում «ազատ են արձակել» ոճրագործի ձեռքերը եւ դիւրին դարձրել նախապէս ծրագրուած գործողութիւնների անարգել ի կատար ածումը:
Զմիւռնիայի հայերն ու յոյներն անտեսում էին իրենց բնաջնջմանը վերաբերող բոլոր նախազգուշացումները, դրանք համարում ստայօդ տեղեկութիւններ եւ ապաւինում քաղաքում տեղակայուած եւրոպական պետութիւնների ներկայացուցիչների համոզիչ յորդորներին, ըստ որոնց, վախենալու կարիքը չկար. կոտորած չէր կարող տեղի ունենալ, քանի որ բոլոր քրիստոնեաներն իբր թէ պաշտպանուած էին եւ այլն: Այս առնչութեամբ խիստ յատկանշական է զմիւռնիաբնակ հայերի առաջնորդ Ղեւոնդ եպս. Դուրեանի` 1922 թ. նոյեմբերի 23-ին Աթէնքում գրած համառօտ տեղեկագիրը, որում նա նշում է. «Վտանգին լրջութեան առջեւ խորհրդակցութիւններ ունեցանք Զմիւռնիոյ մետրապոլիտ Խրիսոսթոմոս սրբազանի հետ եւ որոշեցինք սեպտեմբեր 2 շաբաթ օր ստիպողաբար դիմում կատարել հելլեն բարձր քոմիսեր եւ Զմիւռնիոյ կառավարիչ Սթերիատիսի, դժբախտաբար կառավարիչը մեզ չընդունեց` առարկելով, թէ նախապէս ժամադրութիւն չէինք խնդրած. յաջորդ օր` կիրակի, մասնաւոր ժամադրութեամբ յոյն, հայ եւ բողոքական եկեղեցեաց պետեր ներկայացանք Սթերիատիսի, որ կացութեան ամենածանր կերպով վտանգուած ըլլալը յայտնեց եւ ազատ թողուց օտար հիւպատոսներու մօտ մեր ընելիք դիմումներուն մէջ: Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հիւպատոսներու մօտ ըրած դիմումը մեր հասարակութեան մէջ եւս վստահութիւն ներշնչեց, որ անգղիական, ամերիկեան, ֆրանսական եւ իտալական միջամտութիւն մը կամ պաշտպանութիւն մը ահաւոր աղէտի մը առաջքը պիտի կրնայ առնել եւ այս թեզը միշտ առաջ կը տարուէր ու այդ մասին շատ կը խօսուէր: Մեր դիմումին հետեւանքով ամերիկեան հիւպատոսը հաւաստեց, որ ինք թէ՛ Ամերիկա եւ թէ՛ Պոլիս կարեւորը հեռագրած է եւ տակաւին պատասխան չէ ստացած. այսուամենայնիւ, կրկին դիմումներ կատարելէ պիտի չդադրէր` կացութեան ծանրութիւնը նկատի ունենալով: Ֆրանսական հիւպատոսին մօտ մեր ըրած դիմումին առթիւ հիւպատոսը յանձնարարեց չվախնալ եւ հաւաստեց, որ թէ իսկ շփոթութիւններ ալ պատահին, ջարդ չէր կրնար ըլլալ, եւ թէ` ֆրանսական զինուորներու ժամանումը օրէ օր կը սպասուէր Իզմիրի քրիստոնէից պաշտպանութեան համար: Իտալական հիւպատոսը նոյնպէս սոյն հաւաստիքներով ուզեց մեզ հանդարտեցնել եւ աւելցնել, թէ 15,000 իզմիրաբնակ իտալահպատակները պաշտպանել պարտաւորուած ըլլալով` ինքնին պաշտպանած պիտի ըլլար բոլոր քրիստոնեաները, քանի որ իր հպատակները գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ բնակութիւն հաստատած էին… Քաջալերական խօսքերը բաւական եղան, որ ես զգուշանայի իմ ժողովուրդիս ընելէ կացութեան մասին այնպիսի աննպաստ յայտնութիւններ, որոնք զինք սարսափի կրնային մատնել եւ յառաջ բերել վտանգաւոր խուճապ մը»:
Յայտնի է, որ Զմիւռնիայի ինքնապաշտպանութեան մարտիկներ Բ. Ճամպազեանը եւ Հ. Մելքոնեանը, մտնելով «Արեւելեան մամուլ» օրաթերթի տպարան, յայտարարում են կոտորածի անխուսափելիութեան մասին եւ որպէս փրկութեան լաւագոյն միջոց` առաջարկում ժողովրդին տեղափոխել մօտակայ կղզիներ: Մինչդեռ Ղեւոնդ եպս. Դուրեանը յորդորում է խուճապի չմատնուել եւ վստահաբար յայտարարում, որ քաղաքի քրիստոնեաներն անհանգստանալու կարիք չունեն, քանի որ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով միւֆթիի հետ` ինքը տեսակցել է նրա հետ եւ հաւաստիացել, որ նրանց կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնում: Այս առնչութեամբ Բ. Ճամպազեանը գրում է. «Ժողովուրդին մէջ աղմուկ, իրարանցում մը տեղի ունեցաւ: Եկան, հրեցին, հրմշտեցին զիս վար առին ու սկսան ծեծել… Այդ ատեն Հայնոցի կողմէն ռումբ մը պայթեցաւ: Բակին մէջ մարդ չմնաց: Ամէն մարդ ծակ մը գտաւ մտնելու: Մէջտեղ մնացինք զինուածներս, որոնք քիչ ետք պիտի դառնայինք ազատարարները վեց հազար հոգիի»:
Հետաքրքրական է, որ Բ. Ճամպազեանը, որը 1909 թ. Ատանայի կոտորածի ժամանակ եղել է ընդամէնը վեց տարեկան, իսկ պատանեկութեան տարիներին դարձել քրիստոնեաների նկատմամբ թուրքական ցեղասպան քաղաքականութեան ականատեսը, քաջ գիտակցում էր, որ զմիւռնիաբնակ քրիստոնեաների ապրելու իրաւունքը ոտնահարուած էր, իսկ թուրքական վարչակարգը դաժանօրէն իրականացնելու էր նրանց ոչնչացման ծրագիրը:
Զմիւռնիայի հայերն ու յոյները, սակայն, որքան տարօրինակ թուայ, համակուեցին այն համոզմամբ, թէ իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնում, քանի որ գտնւում էին, ինչպէս իրենց էր թւում, օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնների «յուսալի» հովանու ներքոյ եւ միամտաբար հաւատում էին, որ թուրքերը հերթական անգամ վայրագութիւններ չեն իրականացնի: Այդ մասին վկայում է զմիւռնիահայ վերապրողներից Ռոզ Պերպերեան-Կաչոյեանը. «Եղբայրս ասաց, որ պէտք է հեռանանք քաղաքից, սակայն ծնողներս առարկեցին` ասելով, թէ ինչ կարող է պատահել, երբ բոլոր ռազմանաւերը հսկում են նաւահանգիստը: Ոչինչ չի կարող պատահել այդքան շատ վկաների ներկայութեամբ»:
Մէկ այլ վերապրողի` ծնունդով Կեսարիայի Թալաս գիւղից Տիգրանուհի Արթինեանին (1911-2001), որը չորս տարեկանում կորցրել էր հօրը եւ մօր հետ բնակութիւն հաստատել Զմիւռնիայում, վիճակուել է այստեղ դառնալ քեմալականների վայրագութիւնների ականատեսը: Նա բարեբախտաբար փրկուել է եւ ամերիկեան նաւերից մէկի օգնութեամբ ապաստանել Եգիպտոսում: Հետագայում իր յուշերում նա վկայում է. «Միամիտները լաւատես են. չէ՛, ճանըմ, համաձայնականներու (Անթանթի – Թ. Մ.) նաւերը Իզմիրի առջեւ շարուած են, չեն թողուր, որ բան մը պատահի… Արդէն կը լսուին փողոցը խուճապահար վազողներու ձայներ ու քիչ ետք ձիերու սմբակներու դոփիւնը` սալաքարերուն վրայ: Մուսթաֆա Քեմալի կանոնաւոր բանակն է, որ կ՛անցնի մեր սրտերուն վրայէն: Չեմ գիտեր, թէ մեծերը ինչ կը խորհէին, բայց ինձ թուեցաւ, թէ քարացած էր հայ ժողովուրդի Տան մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձ… Մայրիկս արդէն պատրաստած է հիւանդապահուհիի իր ճերմակ տարազը… կը խորհի, որ թերեւս կրնայ օգտակար ըլլալ ու փրկել կեանքեր… Օր մը բաւական հրացանաձգութենէ մը ետք կը լսուի Սուրբ Ստեփանոսի զանգակի ղօղանջը` հատ-հատ ու տխուր-տխուր, ու թաղմանական արարողութեան մը պէս կը տարածուի, թէ եկեղեցիէն օգնութեան կոչ մըն է օտար հիւպատոսարաններուն եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն ուղղուած: Ապա դարձեալ` հրացանաձգութիւն եւ պայթիւն: Դիմադրած են հայերը. ու օտարներու միջնորդութեամբ պայման դրած են եկեղեցին պարպել, այր, կին ու երեխայ, խառն կերպով: Մինչ թուրքերը պահանջած էին, որ այրերը մնան: Ըստ կարելւոյն, այդպէս խմբովին ելած են: Բայց այս ձեւով ազատուած այր մարդիկը կա՛մ քարափին վրայ սպաննուեցան, կա՛մ ալ գերի տարուելով` աքսորուեցան մինչեւ Այնթապ»:
Այն մասին, թէ ինչպէ՛ս են փրկուել իր ընտանիքի անդամները, Տիգրանուհին գրում է. «Որոշուած էր փոքր պատուհանէն նայիլ, ու երբ տեսնուէր, թէ օտար պետութեան մը հովանիին տակ խումբ մը կ՛անցնէր, յանկարծ բանալ դուռը ու խառնուիլ օտարահպատակներուն: Այդպէս ալ եղաւ, եւ մենք հասանք ֆրանսական քաթետրալը (Մայր տաճար Ա.)… Հոն մեծ բազմութիւն մը խառնուած էր արդէն… Հրդեհը ծայր տուած էր արդէն ու հասած` մինչեւ ծովեզերք, ու այդ գիշերն իսկ մենք ստիպուեցանք հեռանալ Քաթետրալէն. ծովեզերքի շէնքերն ալ` պանդոկ, սրճարան եւ այլն, կերոնի պէս այրեցան: Հազարաւորներ անյուսօրէն օգնութիւն կ՛աղաղակէին ծովէն, մինչ մեր գլուխներուն վրայ կը տեղար մոխիրի անձրեւ մը ու ճիչ ու աղաղակ ու սպանութիւն: Հսկայ մարտանաւեր կեցած էին ծովուն բացը, բայց լուռ վկաներն էին այս նախճիրին, լուսարձակները ձգած` կը լուսանկարէին: Ոմանք կը փորձէին նաւակներով հեռանալ ծովեզերքէն, բայց մարդկային ծանրութեան տակ նաւակները կը շրջէին ու ծովամոյն կ՛ըլլային. ուրիշներ, երբ լողալով կը փորձէին մարտանաւի մը հասնիլ, ծովուն մէջն իսկ իրենց կռնակէն կը գնդակահարուէին. այսպէս մեռած է կարծեմ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Եէյլ համալսարանէն շրջանաւարտ հոյակապ Անդրանիկ Կարապետեան: Մարդկային այս տարուբերուող ալիքը, մէկ կողմէ ծով, կռնակը հրդեհ, ու երկու կողմէ թուրք ջարդարարներ ունենալով` լուսցուց»:
Ինչո՞ւ էին Զմիւռնիայի քրիստոնեաները բացառում իրենց բնաջնջման հնարաւորութիւնը: Ինչպէ՞ս է կարելի դա բացատրել, ինչո՞վ էր պայմանաւորուած այդ հանգամանքը: Կ. Նալչաջեանն այդ համոզմունքը համարում է մարդկանց խմբի կամ անհատների կողմից խնդրի հանդէպ ցուցաբերուող պարզունակ մօտեցման դրսեւորում եւ շեշտում. «Էթնոժենեզը (ազգածնունդ) շատ տեւական եւ բարդ գործընթաց է, եւ որեւէ ազգի հոգեկերտուածքի ու ազգային բնաւորութեան մէջ փոփոխութիւնների համար մի քանի տասնամեակն անգամ ընդամէնը վայրկեան է, եւ այդ կարճ ժամանակահատուածում ազգի կերպարի մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ ակնկալելն առնուազն միամտութիւն է, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ նրանց ազգային-քաղաքական ընդհանուր միտումների, նպատակադրումների եւ ընկերային դիրքորոշումների մէջ որեւէ շրջադարձային փոփոխութիւն չի գրանցուել: Ուստի «թուրքը փոխուել է» դիրքորոշումը ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս էլ այսօր ընդամէնը ինքնախաբէութիւն է, իրականութեան ժխտման վրայ հիմնուած հոգեբանական ինքնապաշտպանական բարդոյթ, ցանկալին իրական համարելու պարզունակ մղում, որը թէեւ տուեալ պահին բաւականաչափ հանգիստ ու լարուածութիւններից զերծ է դարձնում իրադրութեան ընկալումը, սակայն յանգեցնում է զգօնութեան կորստի, առարկայական իրողութիւնների խեղաթիւրուած ընկալումների եւ էապէս թուլացնում է ազգի հոգեբանական պաշտպանուածութիւնը` դրանից բխող հետեւանքներով»:
Ուշագրաւ է նաեւ ՀՀ ԳԱԱ թղթակից-անդամ Ն. Յովհաննիսեանի հետեւեալ դիտարկումը, որը զոհ-դահիճ փոխյարաբերակցութեան առումով բնորոշ է նաեւ Զմիւռնիայի քրիստոնեայ բնակչութեան նկատմամբ ցեղասպան քաղաքականութիւն իրականացրած քեմալականներին: «Զոհի» հասկացութիւնն անբաժան է ցեղասպանութիւնից… Զոհը ցեղասպանութեան պահին չէ, որ դառնում է զոհ, եւ ոչ էլ դահիճն է դահիճ դառնում ցեղասպանութեան իրականացման ժամանակ»: Նա իրաւացիօրէն նկատում է, որ այդ երեւոյթը բարդ գործընթաց է, որն աւելի վաղ է սկսւում, քան` բուն ցեղասպանութիւնը:
ԹԵՀՄԻՆԷ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ
Պատմական գիտութիւնների թեկնածու
(Շար. 1)

