«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Առաջարկին Դէմ Պիտի Քուէարկենք» Շեշտեց Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով իրենց կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելու մէջ կը կայանայ:
«Նախագահական ընտրութիւն կատարելէ բացի, մնացեալ բոլոր քայլերը կը խոցեն ազգային միասնականութեան սկզբունքը եւ կը խանգարեն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը», ըսաւ Ժեմայէլ:
CATEGORIES Լիբանանեան

