ԻՐԱՆ – ԻՐԱՔ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԷՆ 125 ԶՈՀ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ Է

Իգական սեռի քիւրտ զինեալներ` յարձակումի մը պահուն

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով ՔԱԿ-ի իրանեան թեւը եղող Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) մօտիկ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ ՔԱԿԿ-ի եւ իրանեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցող բուռն բախումներուն պատճառով իրանցի 125 զինուոր սպաննուած է:

Իրանեան բանակը ՔԱԿԿ-ի դէմ Իրաքի հետ սահմանին լայնածաւալ գործողութիւնը սկսած է 16 յուլիսին: Միայն վերջին երեք օրերուն իրանեան ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին իրանցի 125 զինուոր սպաննուած է: Իսկ ՔԱԿԿ-ի շարքերուն մէջ արձանագրուած է 7 զոհ եւ 4 վիրաւոր:

ՔԱԿԿ-ի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ իրանեան ուժերուն դէմ գործողութիւն կատարած են նաեւ ՔԱԿԿ-ի իգական սեռի զինեալները: Վերջիններս Իրանի Մերիվան քաղաքին մէջ յարձակում գործած են զինուորական մեքենաներու շարասիւնի մը դէմ, որուն պատճառով իրանցի 15 զինուոր սպաննուած է:

ՔԱԿԿ-ի մամլոյ բանբեր Շերզատ Քեմանկեր ըսած է, որ ներկայ պահուն իրանցի զինուորներու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ բախումները ժամանակաւորապէս դադրած են: Սակայն իրանեան կողմը Իրաքի հետ սահմանին վրայ կը շարունակէ քրտական շրջանները ռմբակոծել:

Share this Article
CATEGORIES