Հայաստան Եւ Ղարաբաղ Լոնտոնի Մէջ Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսի Կը Մասնակցին
3-6 նոյեմբերին Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը հայկական հինգ զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ միասին կը ներկայացնէ Հայաստանը` Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող «Ուորլտ թրեվըլ մարքեթ» զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսին: Ըստ հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակին, այս անգամ ալ նոյն տաղաւարին ներքեւ կը ներկայացուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը:
Ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցին 186 երկիրներու շուրջ 5 հազար զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ աւելի քան 50 հազար զբօսաշրջային մարզի մասնագէտներ:
Ցուցահանդէսին ընթացքին միջազգային հանրութեան կը ներկայացուին Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը ցուցադրող գովազդային նիւթեր եւ քարտեսներ:
«Մասնակցութիւնը յառաջատար այս ցուցահանդէսին նպատակ ունի` խթանելու Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութիւնը եւրոպական շուկային մէջ եւ նպաստելու ներքին զբօսաշրջային հոսքերու աճին», ըսուած է Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:

