ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ
Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարելու նպատակով ստեղծուած իշխանութեան պատուիրակութեան անդամները պատրաստ են քննարկելու Քոնկրեսին կողմէ առաջադրուած պահանջները:
Պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մասնաւորաբար պիտի քննարկուի հանդիպումներուն համար չէզոք վայր ընտրելու հարցը եւ լուծում պիտի տրուի անոր: Ըստ անոր, միւս 3 պահանջները պիտի քննարկուին երկխօսութեան շրջագիծին մէջ:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն պատուիրակութեան անդամ Վարդան Բոստանջեան Հայ ազգային քոնկրեսի պահանջները «լուծելի եւ տրամաբանական» նկատեց: Ան բնական նկատեց նաեւ ուղիղ եթերով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն հանդիպումները սփռելու պահանջը:
Ինչ կը վերաբերի Քոնկրեսի հանրահաւաքներու սփռումի խնդիրին, Բոստանջեան նշեց, որ ատիկա եւս դժուար եւ անլուծելի խնդիր մը չէ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ բնակչութեան ահաբեկման դադրեցումին, տարաբնոյթ խոչընդոտներուն, ապա ըստ պատգամաւորին ասիկա պահանջ չէ, ասիկա պարզապէս Հայաստանի օրէնքով դրուած խնդիր է եւ ասիկա ալ կարելի է տրամաբանական նկատել:
Քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան վերջերս «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած էր, որ եթէ երկխօսութիւնը մինչեւ սեպտեմբեր արդիւնք չտայ, իրենք սպառած պիտի նկատեն երկխօսութեան կարելիութիւնը:
Բոստանջեան անդրադառնալով այս խօսքին յայտնեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը իրենց հետ հանդիպման ընթացքին ճշգրիտ ժամկէտներ չէ դրած: «Այդպիսի կտրուկութիւն չէ դրուած, որ մինչեւ սեպտեմբեր ըսէք, թէ կ՛ընէ՞ք արտակարգ ընտրութիւններ, թէ՞ չէք ըներ», նշեց Բոստանջեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպիսի՞ հարցեր դրուած են Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն կողմէ, Վարդան Բոստանջեան պատասխանեց, որ դրուած հարցերը հետեւեալներն են` արտագաղթ, փտածութեան վտանգներ, արտաքին տնտեսական միջոցներու ամբողջական օգտագործում, կառավարման որակի բարձրացում, ընդհանրապէս հարկային եւ պիւտճէական տարբեր արտօնութիւններու ապօրինի տրամադրման վերացում:
Ամէն պարագայի ան չբացառեց, որ մինչեւ սեպտեմբեր կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի արտակարգ ընտրութիւններու կայացման շուրջ: «Ոչինչ բացառուած է», ընդգծեց ան:


