Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Աւստրալիոյ Վարչապետին Հետ

BKM_0728 (FILEminimizer)Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Ապըթի հետ, որուն կոչ ուղղեց պատերազմի կասեցման աշխատանքին մէջ ներդրում ունենալու, ինչպէս նաեւ կասեցնելու արմատական խմբաւորումներուն զինումն ու ֆինանսաւորումը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կը վստահի միջազգային ընտանիքին վրայ Աւստրալիոյ ունենալիք վստահութեան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները բոլոր կրօններուն, ներառեալ` իսլամական կրօնին դէմ են: Միւս կողմէ, ան գնահատեց մարդկային իրաւունքներուն եւ ժողովրդավարութեան ջատագով Աւստրալիոյ կեցուածքները եւ կոչ ուղղեց անոր օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ իր ուսերէն թեթեւցնել սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն բեռը:

Իր կարգին, Ապըթ ուրախութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին Աւստրալիա կատարած այցելութեան համար. ան աւելցուց, որ ինք մօտէն կը հետեւի Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններուն:

Ապըթ շեշտեց, որ Աւստրալիա կը յարգէ մարդկային իրաւունքները եւ կը դատապարտէ ամէն տեսակի ոճիրներն ու ոճրագործները:

Նշենք, որ Սիտնիի համալսարանէն իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հակասահմանադրական է եւ հակաօրինական:

 

Share this Article
CATEGORIES