ՖԻՇԸՐ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԻՋԵՒ ԾԱՒԱԼՈՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւան կատարած այցելութեան աւարտին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի հարցով համազեկուցող Աքսել Ֆիշըր ողջունեց իշխանութեան եւ արտախորհրդարանական Հայ ազգային քոնկրեսին միջեւ ծաւալող երկխօսութիւնը:

Խորհրդարանական վեհաժողովին պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, Ֆիշըր յոյս յայտնեց, որ զուգահեռաբար կառուցողական երկխօսութիւն տեղի ունենայ նաեւ համաձայնական կառավարութեան եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան միջեւ:

Ֆիշըր նշեց, որ ինք շատ բաւարարուած է երկխօսութեան սկիզբով, որ վաղուց Խորհրդարանական վեհաժողովի ցանկութիւնն էր եւ էական էր Հայաստանի քաղաքական միջավայրի կարգաւորման առումով: Ան կոչ ուղղեց բոլոր կուսակցութիւններուն` առաւելագոյն ճկունութիւն եւ բարեխղճութիւն դրսեւորելու այդ երկխօսութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար:

Ան նաեւ ընդգծեց յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը երկրին ժողովրդավարական զարգացման տեսանկիւնէն` մասնաւորաբար ըսելով, որ նոր Ընտրական օրէնսգիրքը ամուր հիմք կը տրամադրէ ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար, սակայն այդ օրէնսգիրքը պէտք է կիրարկուի բարեխղճօրէն, ոգիին եւ տառին համապատասխան:

«Հանրութիւնը պէտք է լիակատար վստահութիւն ունենայ ընտրական հոլովոյթին եւ անոր արդիւնքներուն նկատմամբ: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կուսակցութիւններուն` ապահովելու ընտրութիւններուն ժողովրդավարական բնոյթը եւ ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութիւններէ կամ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան սասանել այդ վստահութիւնը», յայտարարեց համազեկուցողը:

19-21 յուլիս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ֆիշըր քննարկեց նաեւ 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն պատճառով զոհուած 10 անձերու մահուան հանգամանքներու վերսկսած քննութեան, ինչպէս նաեւ վեհաժողովին կողմէ առաջարկուած, յատկապէս` ոստիկանութեան եւ դատական համակարգին առնչուող բարեփոխումներու ընթացքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES