ԸՍՏ ՍՈՒԱՐԵՇԻ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՓՈԽԶԻՋՈՒՄԱՅԻՆ

Ժոաո Սուարեշ

Ըստ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Ժոաո Սուարեշ յայտարարեց, որ ձգձգուող տագնապները ամէնէն հրատապ հիմնախնդիրներն են, քանի որ անոնք կը խոչընդոտեն շրջանին մէջ բոլոր մարզերուն զարգացումը:

«Իմ լիազօրութիւնս բաւական ընդարձակ է` ներառելով ԵԱՀԿ-ի անվտանգութեան համընդհանուր հայեցակարգի բոլոր երեք ուղղութիւնները: Սակայն, ես իմ աշխատանքիս մէկ մասը պիտի նուիրեմ շրջանի երեք երկիրներուն մէջ կարեւոր ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման», նշեց ան:

Սուարեշ յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը լաւագոյն միջոցն է Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Սակայն, ըստ անոր, Մինսքի խմբակը չի կրնար որոշում տալ տագնապի որեւէ կողմի փոխարէն: Կողմերը իրենք պէտք է համաձայնութեան գան: Ան ընդգծեց, որ որոշումը պէտք է ըլլայ փոխզիջումային, հետեւաբար` երկու կողմերն ալ պէտք է զիջումներ կատարեն իրենց որոշ պահանջներուն փոխարէն:

Սուարեշ շեշտեց, որ ատիկա ցաւոտ եւ բարդ հոլովոյթ է տագնապի կողմերուն համար, սակայն խաղաղ լուծումը առջեւ տանելու միակ կենսունակ միջոցն է:

Յատուկ ներկայացուցիչը նաեւ համոզում յայտնեց, որ շրջան կատարած իր անձնական այցելութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հասարակութիւններու բոլոր շերտերուն հետ ղարաբաղեան տագնապի հարցով ուղիղ երկխօսութեան միակ ճամբան է: «Իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ` ես շրջան պիտի այցելեմ որքան կարելի է շուտ», հաստատեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES