Հայկական Զինեալ Ուժերու Ռազմափորձեր

1106_Armenian-forces_ExercisesՀայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ  ուժերը այս օրերուն լայնածաւալ  ռազմափորձեր կը կատարեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին մէջ այդ լուրը հաստատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ռազմափորձերը պայմանաւորուա՞ծ են սահմանին վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութեամբ, բանբերը պատասխանեց, որ ատոնք ծրագրուած ռազմափորձեր են:

Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, իրավիճակը սահմաններուն վրայ համեմատաբար հանդարտ է:

Share this Article
CATEGORIES