«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կը Քննարկէ Պորուսիա Տորթմունտ – Կալաթասարայ Մրցումին Տեղի Ունեցած Միջադէպը

623092Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Պորուսիա Տորթմունտ – Կալաթասարայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպը ներկայիս քննարկումի նիւթ է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատժական յանձնախումբին կողմէ:

Արդարեւ, այս մրցումին թուրք համակիրները 52-րդ վայրկեանին դէպի դաշտ նետեցին հրավառ նիւթեր եւ պայթուցիկներ:

Օրուան գլխաւոր իրաւարարը` Փաւել Քրալովեց, որոշեց մրցումը ընդհատել: Սակայն թրքական ակումբին ֆութպոլիստները իրենց համակիրներէն խնդրեցին այդ անկարգութիւնները կասեցնել: Այնուհետեւ մրցումը շարունակուեցաւ:

Իր անկարգապահ համակիրներուն կողմէ Կալաթասարայ տուգանքի կրնայ ենթարկուիլ: Կը կարծուի, որ Պորուսիա Տորթմունտ եւս պատժուի` անվտանգութեան առաջքը առած չըլլալուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES