Մարսէյ Կ՛ուզէ Հիւրընկալել Ֆրանսա – Հայաստան Մրցումը

6a00d8341d5bec53ef0115716170f6970b-800wiՄարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտեն նամակով մը դիմած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի անիկա կարելիութիւն տայ, որ 8 հոկտեմբեր 2015-ին Ֆրանսա – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը հիւրընկալողը ըլլայ Մարսէյի «Վելոտրոմ» մարզադաշտը եւ ոչ թէ Փարիզի «Սթատ տը Ֆրանս»-ը:

«Կը խնդրենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին հետ կապուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ այդ մրցումը կայանայ մեր քաղաքին մէջ: Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա կարելիութիւն տայ հայկական արմատներով 80 հազար ֆրանսացիներուն այդ մրցումին ներկայ գտնուելու: Չեմ կարծեր, որ կը մերժէք մեր այս առաջարկը», ըսած է Մարսէյի քաղաքապետը:

Share this Article
CATEGORIES