Հայաստան Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն
Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքին յայտնած է, որ Հայաստան պիտի մասնակցի եւրոպական առաջին խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), կը յայտնէ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը:
Նախորդ հոկտեմբերին Հիքին միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի հետ այցելեց Հայաստան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Հիքին յայտնեց, որ բոլոր հարցերը լուծուած են եւ հայկական կողմը համաձայնած է մասնակցիլ այդ խաղերուն:
Լուրը հրապարակած ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ հայկական պատուիրակութիւնը 2 շաբաթ ետք պիտի մեկնի Պաքու` եւրոպական խաղերուն հետ առնչուող համագումարի մը մասնակցելու համար:
CATEGORIES Մարզական

