ՊԸՐՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՆԱՅ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու խմբակի նախագահ զօր. Ժուհա Քիլփիան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ընթացքը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան զօր. Քիլփիայի ընկերակցող խմբակը, ինչպէս նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:
Նկատի ունենալով իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Խիամի մէջ զոհուած ՖԻՆԻՒԼ-ի չորս զինուորներուն տարելիցը` Պըրրի կրկին ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Քիլփիայի եւ նկատել տուաւ, որ Լիբանան երբեք պիտի չմոռնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի զոհողութիւններն ու դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ` լիբանանցիներուն համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն հարցը, որուն ծիրին մէջ զօր. Քիլփիա հասկացողութիւն ցուցաբերեց լիբանանեան պետութեան տեսակէտին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ խոստացաւ օժանդակել այդ հարցին լուծման` նկատի ունենալով այդ թղթածրարին կարեւորութիւնը շրջանին ապահովական կայունութեան առումով:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ եւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ: