Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մանր եւ անտեղի բաներու համար հոգ մի՛ ընէք. ջանացէք ձեր տրամադրութիւնը բարձր պահել:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շռայլ էք. պէտք է սորվիլ խնայասէր ըլլալ եւ պիտանի ու կարեւոր ծախսեր ընել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամանակ մը կեդրոնական դէմքը պիտի նկատուիք, սակայն գործերով բեռնաւորուած` շուտ պիտի յոգնիք, քիչ մը հանգիստ ըրէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բոլոր առաջարկներուն պատրաստակամ տրամադրութիւն ունիք եւ միշտ օգտակար կ՛ըլլաք ուրիշներուն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր բարեկամներուն համար, քանի որ անոնք գիտեն իրենց պէտքերը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ասպարէզը ընտրելու համար կարիքը ունիք ձեր բարեկամներուն խորհուրդին, որոնք լաւ առաջնորդներ պիտի ըլլան ձեզի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարգ մը ծրագիրներ անիմաստ եւ աւելորդ կը թուին ձեզի, սակայն անոնք յաջողութեամբ պիտի պսակուին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոռետեսութիւնը ձեզ պատած է. անիմաստ բաներու համար կը մտահոգուիք. ձեզ աւելի զօրաւոր եւ լաւատես ճանչցած են:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը յարմար չէ բանակցութիւն մը կատարելու համար. լաւ է, որ հանդարտ մնաք, որպէսզի ձախողութեան չմատնուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս օրերուն ձեր առողջութիւնը շատ փայլուն չէ. մտահոգիչ չէ, պզտիկ հանգիստէ մը ետք կը կայտառանաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ մարզիկ մը իր սահմանները պէտք է ճանչնայ. արդեօք ձեր պարագան նո՞յնն է, գիտցէք ձեր կարողութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յաճախ զաւակները իրենց ծնողները նեղ կացութեան կը մատնեն. համբերատար եղէք անոնց նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )