Բուրգերուն Գաղտնիքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1108_pourk-1Մենք հիմա է, որ սկսանք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս հին եգիպտացիները իրենց ձեռքի ուժով կը քաշէին եւ կը տանէին բազմաթիւ թոներ կշռող հսկայական քարեր:

Եգիպտոսի բուրգերը շինողները տակաւին իրենց բոլոր գաղտնիքները չեն բացայայտած:

Առաջին բուրգերը շինուած են 4600 տարիներ առաջ: Այդ ժամանակաշրջանին ո՛չ փոխադրակառքեր, ո՛չ ալ բեռնաբարձ մեքենաներ գոյութիւն ունէին:

Միայն երեւակայութեան եւ ֆիզիքական ուժին շնորհիւ էր, որ կարելի էր նման շինութիւններ բարձրացնել:

Սակայն հնաբանները տակաւին չեն հասկցած, թէ եգիպտացիները ինչպէս կրնային քաշել տանիլ այդ հսկայական քարի կտորներն ու բազմաթիւ թոներ կշռող արձանները` անապատին ընդմէջէն: Պատասխանը եկած է Ք. Ա. 20-րդ եւ 19-րդ դարուն միջեւ ապրած, ընկերութեան մէջ բարձր  դիրք ունեցող Ճէհութիոթէփի գերեզմանին պատերուն վրայ գտնուած գեղանկարչութենէ մը: Այդ նկարչութեան մէջ կան տարրեր, որոնք անոնց օգնած են բացատրութիւնը գտնելու:

* * *

1108_pourk-3Այդ նկարչութեան մէջ կարելի է տեսնել սահնակի մը վրայ հսկայական արձան մը: Խումբ մը մարդիկ կը պատրաստուին այդ արձանը քաշելու: Սակայն ճիշդ սահնակին առջեւը մարդ մը ծռած է եւ կարծէք ջուր կը թափէ:

Հնաբանները այս փորձը կատարած եւ անդրադարձած են, թէ ճիշդ քանակով ջուր թափելու պարագային կարելի է քարը տեղափոխելու համար պէտք եղած ուժը կէսի իջեցնել:

Ինչպէս Կը Շինուէին Բուրգերը

1108_pourk-21.- Քարի կտորները յաճախ կրահողէ էին: Անոնք կը հանուէին քարահանքէ մը, ապա նաւով կը փոխադրուէին Նեղոս գետին վրայէն:

2.- Աւելի քան 2 թոն կշռող այս քարերը փոխադրելու համար, գործաւորները կը գործածէին ծառի կոճղեր, որոնց վրայ կը դնէին քարերը, ապա զանոնք կը գլորէին: Եւ կամ զանոնք կը դնէին կառքի մը վրայ եւ աւազը կը խոնաւցնէին որպէսզի կառքը աւելի դիւրութեամբ սահի:

3.- Սակայն տակաւին մենք չենք գիտեր, թէ եգիպտացիները ինչպէս կը բարձրացնէին քարերը բուրգերուն գագաթը: Արդեօք անոնք բուրգին շուրջը դարձող բազրի՞ք մը կը զետեղէին, թէ՞ բազրիքը կը հաստատէին բուրգին վրայ` ուղղահայեաց: Ասիկա մեզի համար տակաւին մեծ գաղտնիք մը կը մնայ:

1108_pourk-4Գիտէի՞ր, Թէ

Եգիպտոսի փարաւոնները բուրգեր շինել տուած են զանոնք իբրեւ գերեզման գործածելու համար:

Այդ բուրգերը անոնց կարելիութիւն պիտի տային արագօրէն միանալու Րային` արեւու աստուածին:

Միայն եգիպտացիները չէ, որ բուրգեր շինած են:

Սակայն Ք. Ե. 8-րդ դարուն է, որ հարաւային Ամերիկայի քաղաքակրթութիւնները շինած են իրենց փառաւոր բուրգերը:

Առանձին Տեղափոխուող Քարերուն Գաղտնիքը

1108_karerՄիացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ շրջանին մահուան հովիտ անապատին մէջ քարերը առանձինն կը տեղափոխուին: Կարգ մը քարեր կը կշռեն մինչեւ 300 քիլօ: Անոնք իրենց ետին երկար հետք մը կը ձգեն աւազին վրայ:

Արդեօք կատակասէր ա՞նձ մը կու գայ գիշերները` զանոնք տեղափոխելու: Անշուշտ ո՛չ. այլապէս ան ալ հետքեր պիտի ձգէ իր  ետին… Արտերկրային էակնե՞ր` դարձեալ ո՛չ:

Այս գաղտնիքը լուսաբանելու համար գիտնականները ուսումնասիրած են այս քարերը:

Անոնք քարերուն վրայ զետեղած են Ճի. Փի. Էս. գործիքներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար գտնել քարերու դիրքը եւ համակարգիչով հետեւիլ անոնց տեղափոխութիւններուն:

Հով Եւ Սառնամանիք

Այս հովիտին հողը կազմուած է կաւէ, որ չի ձգեր ջուրին թափանցումը: Ձմեռնային գիշերները շատ ցուրտ կ՛ընեն: Ջուրը կրնայ երբեմն սառիլ:

Հովն ալ շատ զօրաւոր կը փչէ, որովհետեւ ան արգելքներու չի հանդիպիր այս ընդարձակ տարածութեան վրայ:

Ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է, թէ այս երկու տարրերուն միայնանգամ ներկայութիւնն է, որ կը յառաջացնէ քարերուն գլորումը:

Հովն է, որ պարզապէս զանոնք կը տեղափոխէ եւ կը սահեցնէ սառած գետնին վրայ:

 

Կիզէի Սփինքսը

1108_sphinx-1… Արդեօք ի՞նչ պահուած է այս տարօրինակ անունին ետին: Հսկայական արձան մը, որ կը գտնուի Կիզէի նշանաւոր բուրգերուն առջեւ` Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէէն ոչ շատ հեռու: Փորձենք ճանչնալ այս առասպելական եւ խորհրդաւոր կոթողը:

Կիզէի բարձրաւանդակը կը նմանի աւազէ եւ քարէ մեծ դաշտի մը, ուր կարելի է այցելել եւ զմայլիլ հին եգիպտացի փարաւոններուն բուրգերով: Սփինքսը տպաւորիչ արձան մըն է. ան եօթանասուն երեք մեթր երկայնք եւ աւելի քան քսան մեթր բարձրութիւն ունի: Ան կառուցուած է կրահողէ քարերով: Սփինքսին գլուխը կը նմանի փարաւոնի գլուխի մը, սակայն անոր մարմինը գետնին վրայ պառկած առիւծի մը մարմինն է: Մենք չենք գիտեր, թէ ճիշդ ո՛վ շինած է այդ արձանը, սակայն կ՛ենթադրուի, թէ անոր շինութիւնը վերջացած է Ք.Ա. մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ:

Այդ ժամանակաշրջանին ան հաւանաբար կը ներկայացնէր կրօնաւոր պահակ մը, որ այդ վայրը կը պաշտպանէր:

1108_sphinx-2Դժբախտաբար կը պակսի անոր քիթը, որ կոտրած է շատոնց, մեզի անծանօթ ժամանակ մը, հետեւաբար, մենք բնաւ չենք կրցած Սփինքսը իր քիթով տեսնել:

Այժմ արձանը բաւական խորտակուած է. ան շատ հին է, եւ անոր շրջապատող աւազը քարը կը մաշեցնէ: Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր մասնագէտները կանոնաւոր կերպով կը հանեն զայն ծածկող այս աւազը եւ կը փորձեն արձանը լաւ վիճակի մէջ պահել:

Անիկա Եգիպտոսի շատ նշանաւոր եւ կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է:

Գիտէի՞ր, Թէ

Հին Եգիպտոսի մէջ, փարաւոնը հզօրագոյն արքան էր: Ժողովուրդը թէ՛ անոր կը պաշտէր, թէ՛ ալ անկէ կը վախնար: Եգիպտացիներուն համար ան իսկական կենդանի աստծոյ մը նման էր:

Մասնագէտները կը մտածեն, թէ Սփինքսը շինել տուող փարաւոնը Քէոփսը եղած է. ան շինել տուած է նաեւ Կիզէի մեծ բուրգը: Սակայն ոչինչ ստուգուած է: Բուրգերը փարաւոններուն համար շինուած գերեզմաններ էին, ուր պահուած էին մեծ հարստութիւններ:

 

Հետաքրքրական

 

1108_hedakrkragan-1Պրայթընի մէջ երիտասարդ խոհարար մը բացած է Անգլիոյ առաջին «Զերօ աղբ» ճաշարանը: Ան կը շինէ իր անձնական քացախը, մածունը, հացին ալիւրը:

Ան եղանակի բանջարեղէնները եւ պտուղները կը գնէ տեղացի երկրագործներէ, որոնք իրենց ապրանքները կը յանձնեն տուփերու մէջ, որոնք դարձեալ կը գործածուին:

Բոլոր ուտելիքէ մնացած աղբերը կը վերամշակուին:

Պնակները կը շինուին կերպընկալէ պայուսակներէ, իսկ խմիչքները կը հրամցուին նախկին անուշի պզտիկ անօթներու մէջ: Իսկ հաշիւը յաճախորդներուն կը ղրկուի ե-նամակով:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել աւելին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել աւելին հասցնող ճամբան:

Կէտերը իրարու միացուր 1-92 գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կէտերը իրարու միացուր 1-92 գտնելու համար պահուած պատկերը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` թիւերուն համապատասխանող տեղերը գտնելով:

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` թիւերուն համապատասխանող տեղերը գտնելով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )