Պերլինի Պատը

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

0efd539a3c32f30aa2b9055ea9d913b13a736a4aԲարձր եւ զօրաւոր պատեր կամ պարիսպներ կառուցուած են բերդերու եւ քաղաքներու շուրջը, ինչպէս նաեւ` սահմաններու վրայ, պատմութեան ամբողջ ընթացքին, պաշտպանուելու համար արտաքին թշնամիներու յարձակումներէն եւ անոնց դէպի ներս թափանցումներէն: Անոնցմէ վերջինը Իսրայէլի կառուցած պատն է իր արեւելեան սահմանին վրայ, որուն նպատակն է արգիլել պաղեստինցի ահաբեկիչներու մուտքը դէպի Իսրայէլ: Անիկա կ՛երկարի հիւսիսէն հարաւ. այս պատին շինութիւնը չէ աւարտած տակաւին. երբ աւարտի, անիկա պիտի ունենայ մօտ 700 քիլոմեթր երկարութիւն` 8 մեթր միջին բարձրութեամբ:

Երկու պատեր դարձած են նշանաւոր: Առաջինը կառուցուած Չինաստանի մէջ` արեւելքէն արեւմուտք երկարող Մեծ պատն է, որուն շինութիւնը սկսած է 3-րդ դարուն, Քրիստոսէ առաջ, եւ իր վերջնական ձեւը ստացած է 15-17 դարերուն: Անոր նպատակը եղած է պաշտպանել Չինաստանը հիւսիսէն եկող մոնկոլական յարձակումներէն եւ ներխուժումներէն: Այսօր այդ պատէն 6260 քիլոմեթր կանգուն կը մնայ բաւական լաւ վիճակի մէջ: Պատին լայնքը կը հասնի մինչեւ 9 մեթրի, 5 մեթր միջին բարձրութեամբ: Զբօսաշրջիկներուն ամէնէն շատ այցելած վայրն է ամբողջ Չինաստանի մէջ: Երկրորդը Գերմանիոյ մէջ Պերլինի պատն էր, որ գոյութիւն չունի այլեւս:

Այս տարի 25-րդ տարեդարձն է այդ տխրահռչակ պատի քանդումին:

Փոցտամի ժողովին (յուլիս 1945), Գերմանիոյ պարտութենէն անմիջապէս ետք, յաղթական դաշնակիցները վերատեսութեան ենթարկեցին արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու սահմանները: Խորհրդային գրաւման տակ եղող Օտեր-Նես գիծին արեւելեան կողմը գտնուող Գերմանիոյ նախապատերազմեան տարածքները կցուեցան Լեհաստանին, իսկ մնացեալ Գերմանիոյ արեւելեան շրջանը, ուր խորհրդային զօրքերը հասած եւ գրաւած էին, դարձաւ Գերմանական Ժողովրդավար Հանրապետութիւն անունով երկիր մը, աւելի ծանօթ որպէս Արեւելեան Գերմանիա, Պերլինը ունենալով մայրաքաղաքը:

Նախապատերազմեան Գերմանիոյ արեւմտեան տարածքը, որ դաշնակից երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գրաւման տակ էր, դարձաւ Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութիւն կամ` Արեւմտեան Գերմանիա, ունենալով Պոն քաղաքը իբրեւ մայրաքաղաք:

Պերլինի պատին կառուցման աշխատանքները 20 նոյեմբեր 1961

Պերլինի պատին կառուցման աշխատանքները 20 նոյեմբեր 1961

Նոյն ժողովին խորհրդային իշխանութիւնները համաձայնեցան, արեւմտեան դաշնակիցներու որոշ փոխզիջումներուն դիմաց, որ ամբողջութեամբ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ գտնուող Պերլին քաղաքը բաժանուի չորս գօտիներու եւ յաղթական երկիրները` Ամերիկան, Անգլիան, Ֆրանսան եւ Խորհրդային Միութիւնը կառավարեն իւրաքանչիւրին սահմանուած շրջանը: Քաղաքը, սակայն, փաստօրէն, պիտի բաժնուէր երկու մասերու` արեւելեան շրջան, խորհրդային իշխանութեան ներքեւ եւ արեւմտեան գօտի արեւմտեան դաշնակիցներուն վերահսկողութեան տակ:

Խորհրդային իշխանութիւնները պատերազմէն անմիջապէս ետք հաստատեցին երկաթէ վարագոյր  կոչուած ֆիզիքական եւ պետական պատնէշ մը, խորհրդային տիրապետութեան տակ գտնուող եւրոպական երկիրներուն կամ արբանեակներուն (Արեւելեան Գերմանիա, Չեխոսլովաքիա, Հունգարիա եւ Պուլկարիա) եւ ազատ Եւրոպայի մէջ գտնուող սահմանակից երկիրներուն միջեւ: Այս անթափանցելի արգելքը թոյլ չէր տար մարդոց եւ ուրիշ որեւէ մէկ բանի անցքը սահմանին մէկ կողմէն միւսը, երկու ուղղութեամբ: Բացառաբար Խորհրդային Միութիւնը թոյլ տուած էր, որ դաշնակիցները գործածեն երեք ցամաքային անցքեր միայն եւ մէկ օդային ճամբայ` Պերլինի արեւմտեան գօտիին եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ միջեւ:

Այս կարգադրութիւնը թոյլ կու տար արեւմտեան Եւրոպայէն զբօսաշրջիկներուն այցելել արեւմտեան Պերլին եւ անկէ դիւրութեամբ անցնիլ քաղաքին արեւելեան շրջանը: Նոյնպէս` արեւելեան Պերլինէն արեւմտեան գօտի եւ անկէ ալ Արեւմտեան Գերմանիա անցնիլը բաւական հեշտ էր:

Խորհրդային Միութիւնը հետագային պիտի խոստովանէր, որ Փոցտամի ժողովին իր կողմէ ընդունիլը Պերլինի այս կարգավիճակը, մեծ սխալ մըն էր: Արդարեւ, շնորհիւ այս կարգավիճակին, առաջին տասնհինգ տարիներուն երկուքուկէս միլիոն գերմաններ եւ պալքանեան երկիրներու քաղաքացիներ յաջողեցան անցնիլ Արեւմուտք, արեւմտեան Պերլինի վրայով: Այս երեւոյթը մեծապէս կ՛անհանգստացնէր Խորհրդային Միութիւնը

ա) Յառաջացուցած աննպաստ քարոզչութեամբ, որ կը ցոլացնէր համայնավար վարչակարգին ստեղծած դժուար եւ անբաղձալի կեանքը.

բ) Մարդկային ուժի եւ մտային հարստութեան ահռելի կորուստով:

Մայր եւ զաւակի «զրոյց»

Մայր եւ զաւակի «զրոյց»

Կիրակի մը, առաւօտ կանուխ, յանկարծակիօրէն, բարձր աշտարակաձեւ ձողերու վրայ զետեղուած մեծ բարձրախօսներէն լսուեցաւ ահազանգի ուժեղ եւ երկար կանչը, ապա Achtung ! Achtung ! (ուշադրութիւն, ուշադրութիւն), որուն կը հետեւէր գերմաներէնով յայտարարութիւն մը եւ այս բոլորը` յաճախակի կրկնութեամբ: Խումբ մը ընկերներ այդ օրը (13 օգոստոս 1961) Շթութկարտ քաղաքի Ուսանողական համալիրը կը մնայինք եւ կը պատրաստուէինք մեկնելու Պերլին: Այս խիստ անսպասելի երեւոյթին առջեւ բոլորս շփոթահար դուրս ելլելով մեր սենեակներէն` խուժեցինք դէպի բակը: Չէինք հասկնար, թէ ի՛նչ կը պատահի. թէ ի՛նչ կ՛ըսէ յայտարարութիւնը գերմաներէնով, սակայն ունեցանք այն տպաւորութիւնը, որ կը գտնուէինք Հոլիվուտի մէջ պատրաստուած Գերմանիոյ վերջին պատերազմը նկարագրող շարժապատկերներէն մէկուն մէջ: Երբ հասկցանք յայտարարութիւնը, մեր արձակուրդի ճանապարհորդութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ: Արեւմտեան Պերլինի շուրջ կառուցող նոր ցանկապատի մը շինութեան աշխատանքներուն պատճառով խորհրդային իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս փակած էին հոն տանող ցամաքային ճանապարհները, ինչպէս նաեւ կանգ առած էր մեթրոյի երթեւեկը` քաղաքի երկու շրջաններուն միջեւ: Ուստի կը թելադրուէր չուղղուիլ դէպի Պերլին: Այս իրավիճակը յիշեցուց շատերուն 1948-ին Ստալինի օրով տեղի ունեցած Պերլինի շրջափակումը:

VD_314Փշաթելերով սկսուած ցանկապատը վերածուեցաւ պեթոնով եւ երկաթով կառուցուած 156 քմ երկարութիւն ունեցող հաստատուն պատի մը` 1,2 մեթր հաստութեամբ եւ 3,5 մեթր միջին բարձրութեամբ, որը իր վերջնական ձեւը ստացաւ 1975-ին: Այս պատը կ՛ամբողջացնէր երկաթէ վարագոյրը` փակելով վերջին թափանցիկ մասը, ստեղծելով Պաղ պատերազմին մէկ նոր փուլը: Խորհրդային կարգերու անյաջողութեան եւ անոնց անստոյգ ապագայի մէկ տարբեր չափանիշն էր այս պատը: Ընդհանրապէս պարիսպներու եւ պատերու նպատակը, եթէ նկատի չառնենք բանտային համալիրներու շուրջը կառուցուածները, թոյլ չտալ է արտաքին ուժերու ներխուժումը դէպի ներս: Պերլինի պատին դերը արգիլել էր ներսը ապրող բնակչութեան ելքը դէպի դուրս: Անոր կառուցումէն մինչեւ քանդումը 5000 անձեր յաջողեցան անօրինական ձեւով անցնիլ դէպի Արեւմուտք եւ մօտ 200 ուրիշներ սպաննուեցան նոյնը փորձելու ընթացքին:

Պերլինի պատին շինութեան արտօնագիրը ստորագրած էր Նիքիթա Խրուշչեւը որ Խորհրդային Միութեան ղեկավարն էր այդ շրջանին: Խրուշչեւի օրով էր, որ սկսաւ խորհրդային համակարգի վայրէջքը դանդաղօրէն: Իրմէ ետք այդ ընթացքը արագացաւ, մինչեւ որ յանգեցաւ իր վերջնական փլուզման, Պերլինի պատին հետ միասին:

Ստալինի մահէն (5 մարտ 1953) անմիջապէս ետք իշխանութեան տիրանալու համար տեղի ունեցող քաղաքական պայքարներու եւ մեքենայութիւններու ընդմէջէն եւ Մոլոթովի օգնութեամբը Խրուշչեւ տիրացաւ իշխանութեան ղեկին 1955-ի սկիզբը` դառնալով Խորհրդային Միութեան վարչապետ եւ ապա` Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար: Ան շատ ծանօթ անձնաւորութիւն մը չէր Խորհրդային Միութենէն դուրս:

Խրուշչեւի իշխանութեան գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք ազատ արձակուեցան հազարաւոր քաղաքական բանտարկեալներ: Անոնց մէջ կը գտնուէին տասնեակ մը երէց ու վաստակաւոր մեր ընկերներէն, որոնք նախապէս կ՛ապրէին Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ, եւ պատերազմի վերջաւորութեան, երբ Կարմիր բանակը մտաւ ու գրաւեց այդ երկիրները, խորհրդային իշխանութիւնը ձերբակալեց զանոնք եւ աքսորեց:

Համայնավար կուսակցութեան 20-րդ Գերագոյն ժողովին (20 փետր. 1956), գոց դռներու ետեւ, Խրուշչեւ արտասանեց չորս ժամ տեւած իր պատմական գաղտնի ճառը:

Մանուկ մը կը փորձէ բանալ դուռ մը, որ մաս կազմած է Պերլինի պատին

Մանուկ մը կը փորձէ բանալ դուռ մը, որ մաս կազմած է Պերլինի պատին

Հոն ան խստօրէն կը դատապարտէր Ստալինը եւ անոր հաստատած վարչակարգը, ուր մարդկային իրաւունքներու ամբողջական կաշկանդումը եւ ստեղծուած ահն ու սարսափը անբացատրելի էին: Շատ մը խորհրդային բարձրաստիճան ղեկավարներ, որոնք կը մասնակցէին այդ ժողովին, յանկարծակիի եկան եւ անհանգստացան` լսելով այդ բոլորը եւ նոյնիսկ անոնցմէ շատերը սկսան պաշտպանել Ստալինը:

Այս ճառին արձագանգը չուշացաւ. տեղի ունեցան խլրտումներ Լեհաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հունգարիոյ 1956-ի պատմական յեղափոխութիւնը, որ անմիջապէս ճզմուեցաւ Կարմիր բանակին ցուցաբերած եւ պէտք եղածէն շատ աւելի բիրտ ուժով, պատճառելով հազարաւոր զոհեր եւ յուսախաբութեան մատնելով, ազատ աշխարհին մէջ, բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային տակաւին համայնավար գաղափարախօսութեան:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ Խրուշչեւին որդեգրած յարձակողական կոպիտ ոճը մեծապէս պիտի վնասէր Խորհրդային Միութեան վարկին` միջազգային գետնի վրայ: Ան երկու անգամ այցելեց Միացեալ Նահանգներ, ուր իր կատարած յայտարարութիւնները քարոզչական բնոյթ ունէին միայն: Անմոռանալի է իր ելոյթը ՄԱԿ-ի 12 հոկտեմբեր 1960-ի ժողովին, ուր կ՛արտասանէր իր ճառը` կօշիկներէն մէկը ձեռքին մէջ ճօճելով:

Չինաստանի հետն ալ Խորհրդային Միութեան ունեցած սերտ յարաբերութիւնները մեծապէս վատթարացան Խրուշչեւի օրով: Մաօ Ցէ Թունկին հետ ունենալիք մէկ շատ կարեւոր ժողովին, 1960-ին, որ նախատեսուած էր, որ պիտի տեւէր 7 օր, Խրուշչեւը 3 օր յետոյ նեղացած` ձգեց ու վերադարձաւ Մոսկուա:

Սակայն ան սերտ յարաբերութիւններ մշակեց Քուպայի Ֆիտել Քասթրոյին հետ: Խորհրդային Միութիւնը մեծապէս օգնեց Քուպային` տնտեսապէս եւ նաեւ զինուորական գետնի վրայ: Պերլինի պատին շինութեան արտօնագիրը ստորագրելէ ետք ան գաղտնօրէն սկսաւ զինել Քուպան եւ կղզիին վրայ փորձեց զետեղել հրթիռներ ուղղուած դէպի Միացեալ Նահանգներ: Երբ այս գործողութիւնները բացայայտուեցան,  սեպտեմբեր 1962-ին ստեղծուեցաւ Քուպայի հրթիռներու տագնապը: Ճոն Ֆ. Քենետիի կառավարութիւնը վերջնագիր մը տուաւ խորհրդայիններուն, որ ետ վերցնեն այդ հրթիռները, այլապէս Քուպան յարձակման պիտի ենթարկուէր: Ամերիկացիները սկսան լրջօրէն պատրաստուիլ պատերազմի` լաւ գիտնալով, որ պատերազմական գործողութիւններուն առաջին վայրկեանին իսկ խորհրդայիններուն պատասխանը պիտի ըլլար խուժել եւ գրաւել արեւմտեան Պերլինը, որ «փուշ մըն էր Խորհրդային Միութեան կոկորդին մէջ», ըսած էր Խրուշչեւ:

Բարեբախտաբար խորհրդայինները հանեցին ու ետ տարին իրենց հրթիռները, եւ զինուորական ոչ մէկ գործողութիւն տեղի ունեցաւ: Քաղաքական եւ բարոյական մեծ պարտութիւն մըն էր այս Խորհրդային Միութեան համար, եւ Խրուշչեւի անձնական վարկը մեծապէս վնասուեցաւ: Իր երկրին բարձր ղեկավարութիւնը շատ դժգոհ մնաց այս կատարուածներէն: Միւս կողմէ` երկրին ներքին հարցերուն եւ մասնաւորապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ Խրուշչեւ յաջողութիւն չէր արձանագրած վերջին տարիներուն, բերքը երթալով պակսած էր:

VD_205Խորհրդային Գերագոյն խորհուրդը, Պրեժնեւի գլխաւորութեամբ, ամբաստանեց Խրուշչեւը դաւաճանութեամբ եւ 14 հոկտեմբեր 1964-ին պաշտօնանկ ըրաւ զինք ու հանգստեան կոչեց: Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ ղեկավար մը կ՛ամբաստանուէր դաւաճանութեամբ եւ մահուան կամ բանտարկութեան չէր դատապարտուեր: Ան ապրեցաւ աննշան կեանք մը Մոսկուայի մէկ համեստ յարկաբաժինի մը մէջ եւ մահացաւ սրտի կաթուածով, 11 սեպտեմբեր 1971-ին: «Փրաւտա» թերթը միայն մէկ նախադասութեամբ նշեց անոր մահը: Խրուշչեւին անունը նախօրօք վերցուած էր արդէն խորհրդային հանրագիտարաններուն մէջէն:

Խրուշչեւին յաջորդեցին իր տեղակալը` Ալեքսի Քոսիկինը, որպէս վարչապետ եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը` որպէս Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար: Անոնք փորձեցին շարունակել Խրուշչեւին սերմանած բազմաթիւ բարենորոգումներու ծրագիրները:

Պրեժնեւ առաջին օրէն սկսաւ քննադատել Քոսիկինի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը: Պրեժնեւին ազդեցութինը երթալով կը զօրանար Քաղպիւրոյին մէջ եւ դուրսը: Հոկտեմբեր 1980-ին Քոսիկինը հրաժարեցաւ իր հիւանդութեան պատճառով:

Անոր յաջորդեց Նիքոլայ Թիխոնովը, որուն նախապէս փոխվարչապետ նշանակած էր Պրեժնեւը: Այս վերջինիս մահէն (12 նոյեմբեր 1982) ետք, երկար տարիներու Քէյ. Ճի. Պի.-ի նախագահ Եուրի Անտրոփովը ստանձնեց Պրեժնեւին պաշտօնը, որ երկար չտեւեց : Ան ալ հիւանդացաւ եւ մահացաւ 2 փետրուար 1984-ին. անոր յաջորդեց Քոսթանթին Չեռնենքոն:

Ապա Միխայիլ Կորպաչովը մարտ 1985-ին ստանձնեց Խորհրդային Միութեան վարչապետութիւնը, ան Քաղպիւրոյի անդամ նշանակուած էր 1979-ին: Կորպաչովը եղաւ Քաղպիւրոյի պատմութեան մէջ միակ անդամը, որ ծնած էր (2 մարտ 1931) պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք: Ան դարձած էր 1988-ին Գերագոյն խորհուրդի նախագահը, ապա Խորհրդային Միութեան նախագահը:

Նիքիթա Խրուշչեւի նախաձեռնած բարեկարգումներու ամբողջական իրականացումը հետզհետէ կը դառնար աւելի մեծ պահանջ` վերջին 30 տարիներուն: Կորպաչով քաջ ծանօթ էր այս վիճակին եւ կը տեսնէր երկրին հասարակական կարգին եւ տնտեսութեան արագ անկումը: Երբ իշխանութեան գլուխը անցաւ ուզեց անմիջապէս բարելաւել երկրին վիճակը. ան իր աշխատելաձեւը հիմնեց չորս սկզբունքներու վրայ.

  1. կլասնոսթ կամ` թափանցիկութիւն.
  2. փերեսթրոյքա կամ` վերակառուցում.
  3. դեմոկրաթիզիացիա կամ` ժողովրդավարացում.
  4. իւսքորենայա կամ` տնտեսական աշխուժացում:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ Կորպաչով փորձեց նուազեցնել Պաղ պատերազմին ստեղծած լարուածութիւնը Արեւմուտքին հետ: Լեհաստանի Կտանսք քաղաքի նաւաշինարանին մէջ Լեշ Վալեսայի առաջնորդութեամբ եւ ծագումով լեհ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին անուղղակի քաջալերութեամբ կազմուեցաւ ոչ համայնավար գործաւորներու արհեստակցական միութիւն մը` Միասնութիւն անունով. բան մը, որ բնաւ չէր պատահած Խորհրդային Միութեան պատմութեան մէջ:

Լեչ Վալեսա նաեւ մեծ պայքար տարաւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու համար. ան հետագային ստացաւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ` իր տարած աշխատանքներուն համար:

Հունգարիոյ մէջ բարենորոգումներու կողմնակից կառավարութիւն մը կազմուեցաւ մայիս 1989-ին` Կորպաչովի թոյլտուութեամբ: Այս կառավարութեան առաջին գործերէն մէկը եղաւ բանալ Աւստրիոյ հետ իր երկրին ունեցած սահմանները: Արեւմտեան Գերմանիոյ իշխանութիւնները գաղտնօրէն մեծ գումարներ տրամադրած էին Հունգարիոյ այդ նպատակով: Երբ սահմանը բացուեցաւ, հազարաւոր գերմաններ արեւելեան շրջանէն, որոնք պատրաստ կը սպասէին, անցան արեւմուտք Աւստրիոյ վրայով:

Այս նոր իրադարձութիւնը մեծ իրարանցում ստեղծեց երկաթէ վարագոյրին արեւելեան կողմը: Բազմահազար գերմաններ Արեւմտեան Գերմանիա մտնելու վիզա ստանալու համար կը խուժէին Պուտափեշտի, Փրակայի եւ Վարշաւիոյ մէջ գտնուող Արեւմտեան Գերմանիոյ դեսպանատուները, որոնք ողողուեցան դիմումներով, եւ որոնք պատրաստ չէին այդպիսի մեծ թիւով դիմումներու ընթացք տալ արագօրէն: Ամբոխը դարձաւ դժգոհ եւ ջղագրգիռ. շատերը կ՛ուզէին քանդել Պերլինի պատը, որպէսզի արագօրէն կարենան անցնիլ արեւմուտք` առանց դիմելու դեսպանատուն. այս միտքը երթալով կ՛ընդհանրանար: Խորհրդային իշխանութիւնները սկսած էին մեծապէս մտահոգուիլ. միակ միջոցը, որ կը մնար իրենց` չկորսնցնելու համար վերահսկողութիւնը, բիրտ ուժի գործածութիւնն էր, բան մը, որուն դէմ էր Կորպաչովը:

Նոյեմբեր 1989-ի սկիզբն էր. աշխարհը անհամբեր կը հետեւէր Արեւելեան Եւրոպայի մէջ պատահած դէպքերու ընթացքին: Այդ օրերուն էր, որ հասայ Երեւան եւ կ՛ուզէի շարունակել իմանալ օրուան ամէնէն կարեւոր իրադարձութեան մասին, որն էր` Պերլինի պատին վիճակը: Երեւանցի հայը, այդ օրերուն, խորհրդային վարչակարգի տակ, բոլորովին անտեղեակ էր աշխարհի անցուդարձերուն եւ շատ ալ չէր հետաքրքրուեր, թէ ի՞նչ կը պատահի իր երկրէն դուրս: Լուրերու իր միակ աղբիւրը «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթն էր, որ կու տար տեղական լուրեր, մասնաւորապէս աշխատաւորներու եւ կոլխոզներու մասին: Երբ հարցուցի փրոֆ. Տեքարթ Աւետիսեանին, թէ դուք ձեր լուրերը ուրկէ՞ կը ստանաք, պատասխանեց` «Փրաւտա» եւ «Իզվեստիա» ռուսատառ օրաթերթերէն, որոնք ընդհանրապէս միջազգային լուրեր չեն տար. միջազգային լուրերն ալ, ըսաւ յարգելի փրոֆեսէօրը, կ՛իմանանք բարեկամներէ, որոնք «Ամերիկայի Ձայն»-ը  մտիկ կ՛ընեն, կամ, եթէ պէտք ըլլայ, մենք կը շինենք: Չկարողացայ հասկնալ բնաւ, թէ «ե՛րբ պէտք կ՛ըլլայ» լուրերը շինելու: Դեկտեմբեր ամսուն վերադարձայ Լոս Անճելըս եւ իմացայ, որ Պերլինի պատին քանդումը տեղի ունեցած է 9 նոյեմբեր 1989-ին:

Խորհրդային Միութեան իշխանութեան գլուխը Խրուշչեւը անցնելէն ետքը Պաղ պատերազմը հետզհետէ սաստկացաւ եւ իր օրով կառուցուեցաւ Պերլինի պատը, որ առաջին օրէն իսկ դարձաւ Պաղ պատերազմին կարեւոր գործօններէն մէկը եւ խորհրդանիշը: Պատին քանդումը վերջ դրաւ 70 տարուան խորհրդային համակարգին եւ կայսրութեան` ազատագրելով մօտ 300 միլիոն ժողովուրդ, որ կ՛ապրէր պատմութեան մէջ ճանչցուած ամէնէն բիրտ վարչակարգերէն մէկուն ներքեւ: Տասնեակէ մը աւելի խորհրդային հանրապետութիւններ վերագտան իրենց անկախութիւնը: Կարգ մը պատմաբաններու համաձայն, այդ թուականը Եւրոպայի պատմութեան ամէնէն կարեւոր թուականներէն մէկն է:

Հայաստանի վերանկախացումն ալ 1990-ին հետեւանքն էր այդ պատի քանդումին:

Անկախութեան առաջին տարիները եղան շատ դժուար տարիներ. ժողովուրդը կ՛ապրէր խիստ թշուառութեան մէջ, նոյն վիճակն էր միութեան միւս հանրապետութիւններուն մէջ եւս: Մեր հայրենակիցներուն մօտ տարածուած էր, զօրաւոր կերպով, այն միտքը, թէ իրենց դժբախտ վիճակին պատճառը Կորպաչովն էր, որ ծախած էր Խորհրդային Միութիւնը ամերիկացիներուն: Կարելի չէր համոզել իրենց, որ Կորպաչովը բան մը չէր ծախած ոեւէ մէկուն, թէ Խորհրդային Միութեան համակարգը սկսած էր ներքնապէս քանդուիլ Պերլինի պատին կառուցումէն ետք: Կորպաչովի իշխանութեան օրերուն այդ գործընթացը արագացաւ. Կորպաչով փորձեց կասեցնել ատիկա, բայց չյաջողեցաւ, որովհետեւ ուշ էր արդէն. թերեւս կրնար միայն դանդաղեցնել վայրէջքը` ուշացնելով վերջնական կործանումը, որ անխուսափելի դարձած էր: Հաւանաբար ան ճիշդ ըրաւ չփորձելով դանդաղեցնել այդ փլուզումը, որովհետեւ որքան ձգձգուէր ու երկար տեւէր, այդքան աւելի կործանարար պիտի ըլլային հետեւանքները եւ, յետոյ, շատ աւելի դժուար` վերակառուցումը:

Կորպաչով ստացաւ 1990-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը` իր կատարած դերին համար, որն էր` թոյլ տալ բազմաթիւ երկիրներու, 70 տարի բռնատիրական վարչակարգի տակ ապրելէ ետք, ունենալ իրենց անկախութիւնը, առանց արիւն թափելու: Այս մեծ իրագործում մըն էր: Լաւ պիտի ըլլար նաեւ, որ անկախացած այս երկիրները, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, կառուցած ըլլային Կորպաչովին արձանը` իրենց մայրաքաղաքներուն կեդրոնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES