Պերլինի Մէջ Նշուեցաւ Անջատման Պատի Քանդման 25-Ամեակը
7 նոյեմբերին Գերմանիոյ մէջ սկսած են եռօրեայ տօնակատարութիւնները` Պերլինի պատի փլուզման 25-ամեակին առիթով: Երկրի ամբողջ տարածքին կազմակերպուած են տարբեր ձեռնարկներ` ցուցադրութիւններ, շարժապատկերի փառատօներ, քաղաքական կլոր սեղան–քննարկումներ եւ վեհաժողովներ:
Նշենք, որ 9 նոյեմբեր 1989-ին ժողովրդական զանգուածային յուզումներու արդիւնքով` վերացաւ Արեւմտեան Պերլինի հետ հաղորդակցութիւններու վրայ դրուած տասնամեակներու արգելքը:
CATEGORIES Միջազգային

