Հայրենի Կեանք

100 Տուն Անապահով Ընտանիքներու`
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ

Armenia_HousingՀայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակը ոգեկոչելու նպատակով մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ Հայաստանի «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնը սկսաւ իրագործել նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է մինչեւ 2015-ի դեկտեմբերը կառուցել եւ վերանորոգել 100 տուն` 100 կարիքաւոր ընտանիքի համար: Ծրագիրի ծնունդէն առ այսօր աջակցութիւն ցոյց տրուած է արդէն 68 ընտանիքներու: Ծրագիրի նպատակակէտին հասնելու համար մնացած է աջակցիլ 32 ընտանիքներու:

«Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր բոլոր աջակիցներուն, որոնք միացած են մեզի` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն` կառուցելով տուներ այնպիսի ընտանիքներու համար, որոնք չունին մնայուն բնակութեան վայր կամ կ՛ապրին անմխիթար պայմաններու մէջ: Յոյս ունինք, որ մինչեւ 2015-ի դեկտեմբերը մենք կը հասնինք ծրագիրի նպատակակէտին` աջակցելով 100 ընտանիքի», ըսած է Հայաստանի «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան:

Մենք կոչ կ՛ընենք աշխարհասփիւռ հայութեան` միանալու մեզ եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ կամ վերապրածներ դարձած իրենց նախնիներուն եւ հարազատներուն` անոնց յիշատակին կառուցելով տուներ անմխիթար պայմաններու մէջ ապրող հայ ընտանիքներու համար, ըսուած է «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնին հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ:

Մէկ տուն ֆինանսաւորելու համար անհրաժեշտ գումարը կը կազմէ 10,500 ամերիկեան տոլար:

Տան շինարարութիւնը աւարտելուն պէս տուն ֆինանսաւորած բոլոր նուիրատուները «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոնին կողմէ կը ստանան հաւաստագիր եւ աւարտած տան նկարները: Ծրագիրը արդէն ունի տուն հովանաւորած առատաձեռն նուիրատուներ, ինչպէս Արլեն Հաճինլեան` Նիւ Եորքէն, Սանտրա Շահինեան-Լէյթներ` Նիւ Ճըրզիէն, Քենտըն եւ Մինաքեան ընտանիքները` Նիւ Եորքէն, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) հայկական համայնքը եւ այլ նուիրատուներ:

Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման այս շարժման միանալու համար կարելի է ուղարկել նուիրատուութիւն` «Ֆուլեր» տնաշինական կեդրոն» բհկ, ամերիաբանկ հ-Հ 15700 05330400100ին: Առցանց նուիրատուութիւններու համար (յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն)`  http://weblink.donorperfect.com/FCH_Armenia100   :

Հայաստանի Մէջ Պիտի Հիմնուի Արեւմտահայերէնի
Ուսուցման Կեդրոն

Siging-cooperation-agreement-with-RA-Ministry-of-Diaspora-2014Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոն, պիտի հրատարակուին արեւմտահայերէնի ուսուցողական նիւթեր, Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայագիտական նիւթերու հետեւող սփիւռքահայ ուսանողներուն պիտի տրամադրուին կրթաթոշակներ: 28 հոկտեմբերին այս առնչութեամբ համապատասխան յուշագիր ստորագրուած է սփիւռքի նախարարութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին միջեւ:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ը արդիւնաւէտ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Մատենադարանի, գիտութիւններու ակադեմիային եւ Երեւանի Պետական համալսարանին հետ: Անոր համաձայն, հաստատութեան հիմնական նպատակը հայագիտութեան զարգացումն է: «Առաւելապէս շեշտը կը դրուի արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման հարցերուն վրայ», յայտնած է ան:

«Երիտասարդութեան համար արեւմտահայերէնը պէտք է գործածական լեզու դարձնենք, յատկապէս` Սփիւռքի մէջ: Եթէ մենք չկարենանք պահպանել մեր լեզուն, ոչ ոք պիտի կարենայ պահպանել արեւմտահայերէնը», ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, որ ստորագրած է յուշագիրը:

Նշենք, որ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ 12-19 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ, որ կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ: Ըստ Ռազմիկ Փանոսեանի, այս մէկը առիթ է աւելի մեծ թիւով լսարանի ներկայացնելու հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Ծրագիրով` Ամերիկացի Գրողներ Հայաստանի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրի մը ծիրին մէջ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի ամերիկացի գրողներու խումբ մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ անուանի գրող, հրապարակախօս եւ գրականագէտ Փիթըր Պալաքեան, որ յատկապէս նշանաւոր է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր գիրքերով` «Այրող Տիգրիսը» եւ «Ճակատագիրի սեւ շունը»:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փ. Պալաքեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող այս ծրագիրը` յոյս յայտնելով, որ ծրագիրի ծիրին մէջ հայ գրողները նոյնպէս Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելեն:

Փիթըր Պալաքեան նշեց, որ ժամանակակից հայ գրականութեան, ցաւօք, ծանօթ է այնքանով, որքանով անիկա թարգմանուած է անգլերէնի: Ան աւելցուց, որ իր վերջին գիրքին մէջ ամփոփուած են իր գրականագիտական յօդուածները` նուիրուած Չարենցին, Սիամանթոյին, Սեւակին եւ միւս հայ դասականներուն:

«Ես ծաւալուն յօդուածներ գրած եմ Չարենցի, Սիամանթոյի, Թեքէեանի մասին: Ես իմ ուսանողներուս Սեւակ կը կարդամ: Ներկայիս կ՛ուսումնասիրեմ նաեւ հայ դասականներու ստեղծագործութիւնները եւ իմ նոր գիրքիս մէջ ամփոփած եմ այդ առնչութեամբ իմ լաւագոյն յօդուածներս», յայտնեց Փիթըր Պալաքեան:

Շարժակ` Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան
Աշխատանքներու Անխափան Ընթացքին Համար

IMG_8543«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի առանցքային ենթակառուցուածքներու զարգացման, մասնաւորաբար արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան` արտակարգ իրավիճակներու մէջ տեղեկատուութեան եւ տուեալներու անվտանգութեան կառավարման, ինչպէս նաեւ պետական կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներու անխափան աշխատանքի ապահովման նպատակով:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տրամադրուած է վառելանիւթով (տիզըլ) բանող ելեկտրածին գերհզօր շարժակ, որ պիտի ծառայէ որպէս ելեկտրականութեան այլընտրանքային աղբիւր` «Սերվերային տնտեսութեան պահուստային կեդրոն»-ի (ՍՊԿ) անխափան աշխատանքի ապահովման նպատակով: Նախապէս «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը յատկացուցած էր 50 միլիոն դրամ` Հայաստանի կառավարութեան «Սերվերային տնտեսութեան պահուստային կեդրոն»-ի ստեղծման նպատակով: ՍՊԿ-ի ստեղծման նպատակն է ճգնաժամային իրավիճակներու ատեն կառավարման համակարգերու անվտանգ կենսագործունէութեան ապահովումը: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղակայուած ՍՊԿ-ն ստեղծուած է խաղաղ ժամանակաշրջանին` արտակարգ իրավիճակներու մէջ բնակչութեան պաշտպանութեան եւ պատերազմական ժամանակաշրջանին` քաղաքացիական պաշտպանութեան նախաձեռնութիւններու արագ կազմակերպման, առանցքային տեղեկատուութեան յուսալի պահպանման, արդիւնաւէտ եւ անվտանգ կիրարկման, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու պահեստային տեղեկատուական համակարգերու կեդրոնացման եւ անոնց շահագործման բարելաւման նպատակով:

Որակի, արդիւնաւէտութեան, յուսալիութեան, շրջակայ միջավայրի վրայ ներգործութեան չափորոշիչներուն համապատասխանող եռաֆազ «Perkins P440E» 400 վոլթ լարում ապահովող շարժակը կրնայ արտադրել ժամական 360 քիլովոլթ հզօրութեան ելեկտրականութիւն:

«Թէ՛ պետական, թէ՛ կոմերցիոն ենթակառուցուածքներու համար առաջնային կարեւորութեան հարց է ճգնաժամային իրավիճակներու կանխարգիլման եւ անոնց հակազդման եւ կառավարման համակարգերու լիարժէք պատրաստուածութիւնը: Այդ նաեւ կ՛ենթադրէ անհրաժեշտ սարքաւորումներու առկայութիւն: Այդ սարքաւորումները կարեւոր նշանակութիւն կրնան ունենալ յատկապէս մեր երկրի համար` նկատի առնելով առկայ վտանգները: Այդ է պատճառը, որ բարձրակարգ սարքաւորումներ կիրառող «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ը այդպիսի մէկ սարքաւորում ալ տրամադրած է ԱԻՆ-ին` ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ ենթակառուցուածքներու աշխատանքի անխափան ապահովման նպատակով: Մենք ջանք չենք խնայեր ճգնաժամային իրավիճակներու կառավարման եւ կանխարգիլման արդիւնաւէտ մեքանիզմների ստեղծման գործին պետութեան օժանդակելու», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Արմսվիս» Դրամատունը Եւ «Մենեճմենթ Միքս»-ը
Պիտի Հիմնեն Ներդրումներու Կառավարման Ընկերութիւն

ArmswissBank«Արմսվիս» դրամատունը եւ «Մենեճմենթ միքս» խորհրդատուական ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ Անձնական ներդրումներու կառավարման գործունէութիւն իրականացնող ընկերութիւն հիմնելու յուշագիր:

«Մենեճմենթ միքս»-էն յայտնեցին, որ ընկերութեան հիմնական առաքելութիւնը  ներդրողներուն Հայաստանի եւ երկրի տարածքէն  դուրս ստեղծուող կամ գործող սեփական առեւտրային ընկերութիւններու դրամագլուխներուն մէջ ներդրումներ կատարել, այդպիսի ներդրումները կառավարել եւ հետագային անոնց օտարումը կազմակերպելու գործին մէջ համալիր ծառայութիւններու մատուցումն է:

Ընկերութեան հիմնական ջանքերը ուղղուած պիտի ըլլան` գործընկեր հանդիսացող առեւտրային ընկերութիւններու գործունէութեան ընդլայնման, մասնաւորապէս` տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ աճ ունեցող գործարար ծրագիրներու բացայայտման, գնահատման եւ իրականացման:

«Նորաստեղծ ընկերութիւնը պիտի նպաստէ շուկային մէջ նոր մշակոյթի ձեւաւորման` սեփական մարզի կառավարումը, որ իր մէջ պիտի ամփոփէ ընկերութիւնների համագործակցական կառավարման, առեւտուրի զարգացման, մրցունակութեան բարձրացման, նոր շուկաների ստեղծման տարրեր»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հիմնադիրներու հաւաստիացումով, շեշտուած պիտի ըլլան նորարարութիւնները եւ արհեստագիտութիւն պարունակող ներդրումային ծրագիրները: Նախաձեռնութիւնը պիտի ծառայէ միջազգային ֆինանսական միջոցներու ներգրաւման, «Որուն մասին կը վկայէ այն հանգամանքը, որ առկայ ներդրումային ֆոնտերը ձեւաւորուած են արտերկրեայ անձնական ներդրողներու եւ միջազգային ֆինանսական ընկերութիւններու միջոցներով»:

Նշենք, որ յուշագիրը ստորագրուած է զուիցերահայ գործարար, «Արմսվիս» դրամատան սեփականատէր Վարդան Սիրմաքեշի Հայաստան կատարած գործնական այցելութեան շրջանին:

Հայաստանի Մէջ Յունաստանի Դեսպան Իոաննիս Տայիսը
Այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւն

1027_spՀոկտեմբեր 27-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց  Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Տայիսը:

Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւնները` նշելով, որ յունական իշխանութիւնները մշտապէս աջակցած են Յունաստանի մէջ հայկական համայնքի պահպանման եւ  զարգացման:

Նախարարը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ վերջերս Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման փաստին, որուն իբրեւ արդիւնք` պատիժ կը նախատեսուի այն մարդոց համար, որոնք դիտաւորեալ կը ժխտեն մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնը:

Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ ե՛ւ Յունաստանը, ե՛ւ Հայաստանը աշխարհի տարբեր երկիրներու  մէջ մեծաթիւ սփիւռք ունեցող երկիրներ են, եւ այդ առումով օգտակար պիտի ըլլայ փորձի փոխանակումը, տարբեր երկիրներու մէջ` իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն հանդէս եկող հայկական եւ յունական համայնքներու յարաբերութիւններու սերտացումը, ինչպէս նաեւ` միատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

«Յունաստանի մէջ կը գործեն բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ տարբեր մշակութային խումբեր», նշած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը: Ան աւելցուցած է, թէ` «Սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէ տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու օրեր, որոնք իւրայատուկ հաշուետուութիւն են տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն կողմէ հայապահպանութեան նպաստող գործունէութեան վերաբերող»:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը Յունաստանի դեսպանին առաջարկեց կազմակերպել նաեւ յունահայ համայնքի օրեր Հայաստանի մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Իոաննիս Տայիսը եւս կարեւոր համարեց սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներուն մէջ երկու երկիրներուն փորձի փոխանակումը:

Քննարկելով 2015-ին Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արարողութիւններուն Յունաստանի պատուիրակութեան մասնակցութեան հարցը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներուն վերացումը նախ եւ առաջ կը կանխարգիլէ աշխարհի մէջ որեւէ այլ ազգի եւ երկրի հանդէպ նման ոճիրի իրագործումը:

Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան Յունաստանի դեսպանին նուիրեց «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, ուր ամբողջացուած են աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողները:

Կովսականի Մէջ Հիւանդանոց Եւ Մանկապարտէզ Բացուած Է

1029Govsagan1Նախագահ Բակօ Սահակեան 27 հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ: Նախագահը ներկայ գտնուած է Կովսական քաղաքին մէջ նոր մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ան նշած է, որ նախադպրոցական կրթութեան ոլորտը միշտ ալ արժանացած է կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան, իսկ այսուհետեւ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի անիկա մնայուն զարգացում ապրի:

Կովսականի մէջ նախագահ Սահակեան մասնակցած է նաեւ ժամանակակից սարքաւորումներով վերազինուած եւ հիմնովին վերանորոգուած տեղամասային հիւանդանոցի բացման արարողութեան: Նախագահը նշած է, որ շրջաններուն մէջ արդի պայմաններուն համապատասխանող բժշկական հաստատութիւններուն առկայութիւնը կը հանդիսանայ առողջապահութեան զարգացման հայեցակարգային ուղղութիւններէն մէկը, հաստատելով, որ պետութիւնը պիտի շարունակէ մեծ ծրագիրներ իրականացնել այս բնագաւառին մէջ:

Նոյն օրը երկրի ղեկավարը այցելած է Թոնդիրգետի ոսկիի հանքավայր, ուր ծանօթացած է տարուած աշխատանքներուն եւ առկայ հարցերուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է լեռնահանքարդիւնաբերական մարզին ունեցած մեծ կարեւորութիւնը երկրին մէջ` զայն համարելով Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է սփիւռքահայ բարերար Վարդան Սերմաքեշին` այս ռազմավարական ծրագիրը կեանքի կոչելուն համար, զայն նկատելով հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան ու հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Արցախը Պիտի Դառնայ Ձկնկիթ Արտածող Կարեւոր Տարածք

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան զուիցերահայ գործարար, «Արցախ ՀԷԿ» ընկերութեան մեծ բաժնետէր Վարդան Սերմաքեշի ընկերակցութեամբ 26 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Մարտակերտի շրջան, ուր այցելած է շարք մը ձեռնարկութիւններ:

«Արցախ ՀԷԿ»-ի կայաններուն մէջ Վ. Սերմաքեշին ներկայացուած են հայկական առաջին բաց բաժնետիրական ընկերութեան կատարած աշխատանքները, որոնց շնորհիւ վերջին տարիներուն զգալի կերպով բարձրացուած է հանրապետութեան ելեկտրական բնագաւառի անկախութիւնը: Անոնք այցելած են նաեւ «Բէյզ մեթըլզ» հանքարդիւնաբերական ընկերութեան Դրմբոնի հանքավայր եւ հետեւած են արտադրական գործընթացին: Վարչապետը բարձր գնահատած է այդ ոլորտին դերակատարութիւնը Արցախի տնտեսութեան զարգացման իմաստով` կարեւոր նկատելով հանքարդիւնաբերութեան մէջ եւս զուիցերահայ գործարարին կատարած ներդրումները:

Այնուհետեւ անոնք այցելած են սահմանամերձ Մատաղիս համայնքի վարչական տարածք, ուր Վ. Սերմաքեշի ֆինանսական ներդրումներով մեկնարկած է Արցախի տնտեսական մեծածաւալ նախագիծերէն մէկուն` սեւ ձկնկիթի արտադրութեան ենթակառուցուածքներու շինարարութիւնը: Կառուցուող ձկնաբուծարանիՆ մօտաւորապէս 350 ջրաւազաններուն մէջ շուտով պիտի դրուին առաջին ձկնկիթները: Ըստ նախագիծին, յառաջիկայ տարիներուն Արցախը պիտի դառնայ այդ սննդամթերքի մեծ արտադրողներէն եւ արտածողներէն:

Բացի ակնկալուող տնտեսական արժէքէն` Ա. Յարութիւնեան ընդգծած է նաեւ ծրագիրը սահմանամերձ շրջանին մէջ իրականացնելու հանգամանքը, ինչ որ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ շրջակայ գիւղերու բարգաւաճման համար: Վարչապետը եւ գործարարը տեղւոյն վրայ ծանօթացած են իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին, քննարկած են յառաջիկայ ծրագիրները:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է Վ. Սերմաքեշի մասնակցութիւնը հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման մէջ, որ կը ներառէ շարք մը ոլորտներ` գիւղատնտեսութիւն, դրամատնային համակարգ, ջրելեկտրականութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն, շեշտելով, որ անոր ներդրումներու ծաւալը արդէն իսկ կը շրջանցէ քանի մը տասնեակ միլիառ դրամի սահմանը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Նախաձեռնութիւններուն Համար
Նախատեսուած Է  20 Միլիառ Դրամ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն համար նախատեսուած է յատկացնել 20 միլիառ դրամ: 2015 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտարարած է ելեւմուտքի փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան: Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս յատկացումը արդեօք պիտի արտացոլա՞յ յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ, փոխնախարարը նշած է. «Ցեղասպանութեան ձեռնարկներուն հետ կապուած ստեղծուած է յանձնախումբ, որուն նախագահն է Հայաստանի նախագահը: Յանձնախումբը կ՛աշխատի ծրագիրներու ամփոփման վրայ: Բոլոր ծրագիրները, որոնք կը հասնին յանձնախումբին` կառավարութենէն, հասարակական կազմակերպութիւններէն, սփիւռքէն եւ բոլոր կարելի աղբիւրներէն, կը քննարկուին: Ծրագիրները ամփոփելէ ետք նոր կ՛ունենանք ֆինանսական գնահատականներ եւ նոր կարելիութիւն կ՛ունենանք ֆինանսական միջոցներ նախատեսելու», յայտնած է փոխնախարարը:

Ըստ Պաւել Սաֆարեանին, եթէ այդ աշխատանքը աւարտի մինչեւ պիւտճէի հաստատումը` դեկտեմբերի սկիզբը, ապա պիտի արտացոլայ պիւտճէի նախագիծին մէջ: «Բայց եթէ աւելի երկար տեւէ, պիտի յատկացնենք պահուստային ֆոնտէն, որ նախատեսուած է 20 միլիառ դրամի չափով», աւելցուցած է ան:

Viva-cell-logo1

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )