Պոլսոյ Այտըն Համալսարանը Ձեռնարկներ Կը Պատրաստէ Ջրելու Համար Հայկական «Պնդումները»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Nor-Marmara_aydin-universityՊոլսոյ Այտըն համալսարանը կազմակերպած է կարգ մը հանդիսութիւններ, որոնց նպատակն է 1915-ի հարիւրամեակի ընթացքին ջրել հայկական պնդումները եւ ուսանողները լուսաբանել այս հարցին մասին «ճիշդ» եւ «առարկայական» տեղեկութիւններով: Այս նպատակով անցեալ օր կազմակերպուած աշխատաժողովի գլխաւոր բանախօսն էր Եուսուֆ Հալաճօղլու: Այս անունը ցոյց կու տայ արդէն, թէ համալսարանի ձեռնարկը ի՛նչ դիրքաւորում պիտի ունենար 1915-ի պատահարներուն նկատմամբ:

Հալաճօղլու իր բանախօսութեան մէջ հիմնուելով օտար փաստաթուղթերու վրայ` շեշտեց, որ հայկական պնդումները հիմնուած են քաղաքական նպատակներու վրայ: «Խորհրդարանները, որոնց պարտականութիւնն է օրէնք պատրաստել, սկսած են դատարանի նման ցեղասպանութեան որոշումներ ընդունիլ ու յանցաւորներ հռչակել, ասիկա արդէն ցոյց կու տայ, թէ հարցը ինչպէ՛ս քաղաքականացած է», ըսաւ Հալաճօղլու: Երկու ժամ տեւած իր բանախօսութեան մէջ Հալաճօղլու պնդեց, թէ Հայկական հարցը իրականութեան մէջ Արեւմուտքին կողմէ «Արեւելեան հարց» կոչուած ծրագրին մէկ մասն է: 24 ապրիլը սփիւռքի կողմէ ալ ընդունուած է որպէս Ցեղասպանութեան օր, եւ հայերը ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այս տեսակէտը տարածեն ամէն կողմ: «Հայերը իրապէս սպանդի ենթարկուա՞ծ են: «Ո՛չ», ըսաւ Հալաճօղլու, որ պնդեց, թէ 24 ապրիլին ոչ մէկը սպաննուած է: Ան կրկնեց պետութեան այն տեսակէտը, թէ հայերը ամէնուրեք ապստամբեցան, մինչ օսմանեան պետութիւնը պատերազմի մէջ էր: Այս պայմաններուն մէջ հայերը դաւաճանած էին իրենց ապրած երկրին, ըսաւ Հալաճօղլու: ըստ Հալաճօղլուի, օսմանցիին ըրածները օրէնքի դէմ չէին:

«Սապահ»-ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը մէջ հաղորդուած է, որ աշխատաժողովին մասնակցած էր նաեւ Ազրպէյճանի փոխ վարչապետ Քեամիլ Վելի Մենեմենօղլու, որ պնդեց, թէ արխիւներն են, որ միայն ճամբայ ցոյց կու տան: Համալսարանը ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի շարունակէ աշխատաժողովներ կազմակերպել, յօդուածներ հրատարակել, զանազան ձեռնարկներ կազմակերպել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES