Թուրք Քաղաքապետը Կը Ցանկայ Վերականգնել Բալուի Հայկական Եկեղեցին

1111_Palu«Ակօս» կը գրէ, որ 1914-ին 9850 բնակիչ ունեցող Բալուի մէջ 5250 հայ կը բնակէր: Այստեղ 5 եկեղեցի եւ 4 դպրոց կար, որոնք ժամանակի ընթացքին աւերակներու վերածուած են: Բալուի քաղաքապետ Մեհմեթ Սայիթ Տաղօղլու արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կ՛աշխատի այդ եկեղեցիներէն մէկուն ու մզկիթի մը վերակառուցման ուղղութեամբ:

Ան կը պատմէ, որ մինչեւ 1970-ականները կանգուն եկեղեցին գանձ փնտռողներու թիրախ դարձած է եւ բախտի քմահաճոյքին ձգուած:

«Երբ ես փոքր էի, այնտեղ քար նետելը սովորութիւն էր: Մանկութիւնս այդպէս կը յիշեմ: Կ՛ըսէին` եթէ այնտեղ քար նետես, դրախտին մէկ քայլ աւելի պիտի մօտենաս: Աւերուեցաւ: Աւելի ուշ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ գոնէ փոքր յարգանք մը չունեցող գանձ փնտռողներու թիրախը դարձաւ: Անցեալին տեղի ունեցածները մենք չենք ըրած: Ընողները թող ամչնան», ըսած է ան:

Տաղօղլուն նշած է, որ եկեղեցւոյ գլուխը խոնարհած տեսնել այլեւս չ՛ուզեր եւ ատոր վերակառուցման համար Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի եւ Եւրոպայի մէջ բնակող բալուցիներու աջակցութիւնը խնդրած է:

«Քիչ մը պատրիարքարանը պիտի օգնէ, քիչ մը մեր եւրոպաբնակ համաքաղաքացիները, քիչ մըն ալ մենք, եւ եկեղեցին միացեալ ուժերով նախկին տեսքին պիտի վերադարձնենք», յայտնած է քաղաքապետը:

Ան տեղեկացուցած է, որ եկեղեցւոյ սեփականատիրութեան վկայականի հարցին լուծուելէն ետք վերակառուցման աշխատանքները պիտի սկսին 2015-էն սկսեալ:

Տաղօղլու կարեւոր նկատած է եկեղեցւոյ վերաբացումը հաւատացեալներուն համար:

«Մեր պապերը դարերով միասին ապրած են: Ուզողը մզկիթ գացած է, ուզողը` եկեղեցի: Ատիկա խնդրայարոյց պիտի չըլլայ: Մենք կը խօսինք 8 դարու պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ մասին: Գուցէ անիկա արդէն մէկ դարէ ի վեր չի գործեր, սակայն 700 տարի ծառայած է հաւատացեալներուն… Աստուծոյ կամքով մեր հայ դրացիներուն հետ պիտի հանդիպինք Բալուի մէջ», ըսած է ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES