Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Շաքարախտաւորին Առողջապահական Հարցերը» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Շաքարախտաւորին առողջապահական հարցերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուցին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն Թամար Աւետիսեան- Մկրտիչեան եւ Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսները նշեց, թէ Լիբանանի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը տառապի շաքարախտէ: Շաքարախտաւորներու պարագային կարեւոր է շաքարի քանակը հակակշռել, որովհետեւ չհակակշռուած շաքարախտը յաճախ բարդութիւններու դուռ կը բանայ:
Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան դասախօսութեան սկսաւ յիշելով, թէ 14 նոյեմբերին Շաքարախտաւորներու միջազգային օրն է: Ան շարունակելով ներկայացուց հետեւեալ թուային պատկերները` աշխարհի մէջ 11 հոգիէն մէկը կը տառապի շաքարախտէ, իսկ 4 հոգիէն մէկը չի գիտեր, թէ ինք շաքարախտաւոր է:
Ամերիկայի մէջ շաքարախտը 7-րդ տեղը կը գրաւէ իբրեւ մահ պատճառող ախտ:
Իսկ լիբանանեան պատկերը, որ ընդգրկուած է միջինարեւելեան առողջապահական պայմաններուն մէջ, կը ներկայանայ հետեւեալ վիճակով: 8-24 առ հարիւրը կը տառապի շաքարախտէ:
Լիբանանի մէջ թիւը բարձր է այն անձերուն, որոնք լաւապէս ու հետեւողականօրէն չեն հսկեր իրենց շաքարի արեան քանակին:
Սահմանելով շաքարախտը` դասախօսը բացատրեց, թէ շաքարախտը քրոնիկ հիւանդութիւն մըն է, յատկանշուած արեան մէջ շաքարի բարձր քանակով, ուր ենթաստամոքսային գեղձը բաւարար ինսուլին չ՛արտադրեր, կամ արիւնը ոչ բաւարար տարողութեամբ կը հակազդէ ինսուլինին:
Դասախօսը նշեց նաեւ այն բարդութիւնները, որոնք հետեւանք են շաքարախտի` սրտանօթային հիւանդութիւններ, երիկամներու խանգարում, տեսողութեան խանգարում եւ ջղային, մորթային համակարգի խանգարում, հիւանդութիւններ:
Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան յաջորդաբար նշեց զանազան ախտանշաններ, որոնք են ծարաւի, անօթութեան, յոգնութեան զգացումներ, ինչպէս նաեւ գլխացաւի, գլխապտոյտի:
Երկրորդ բաժինով դասախօսութիւնը շարունակեց Թամար Աւետիսեան-Մկրտիչեան: Ան բացատրեց շաքարախտը կառավարելու հիմնական չորս ուղղութիւնները` սնունդը, շաքարի քանակը, դեղամիջոցները եւ մարզանքը, որոնց պէտք է հետեւիլ:
Դասախօսը բացատրեց, թէ այս չորս ուղղութիւնները պէտք է կարգաւորուին: Սնունդի պարագային կանաչեղէնը պէտք է ըլլայ մեծ բաժինը ճաշին, ինչպէս նաեւ պէտք է ունենալ ածխաջրածիններ եւ սպիտակուցներ սննդականոնին մէջ, բայց նուազ քանակութեամբ:
Մարզանքը պէտք է ըլլայ օրինաւոր եւ շարունակական, պահելու մարմինի ընդհանուր առողջութիւնն ու աշխուժութիւնը` իբրեւ հիմնական ազդակ նուազագոյնի սահմաններու մէջ պահելով շաքարախտի բարդութիւնները:
Աւարտին, դասախօսները տարբեր բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

