Նարեկ Դուրեան Պիտի Ներկայացնէ «Քոմա Նոստրա» Կատակերգութիւնը

1113_Nareg-turianՀամազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ այսօր` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 նոյեմբերին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հայրենի արուեստագէտ Նարեկ Դուրեան պիտի ներկայացնէ «Քոմա Նոստրա»-ն, որ նուիրուած է իր ծննդեան 55-ամեակին:

Այս առիթով անոր հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին Նարեկ Դուրեան յայտնեց, որ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող ներկայացման ընդմէջէն հանդիսատեսին կը հրամցուին 55 տարեկան մարդուն մտածումները, ապրումները, անցեալին հետ կապը, առօրեայ մտահոգութիւնները, հայաստանեան կեանքը եւ այլն: Նման կատակերգութեան մը գաղափարը արուեստագէտին մտքին մէջ ծագած է, երբ զինք տարած են հիւանդանոց` սրտի զսպանակ դնելու նպատակով շուրջ երեք տարի առաջ: Արուեստագէտը հաստատեց, որ Երեւանի մէջ «Քոմա Նոստրա» կը ներկայացուի ամբողջովին լեցուն սրահներու մէջ, որովհետեւ անիկա հետաքրքրական է գրեթէ բոլորին, կ’ընթանայ աշխուժ մթնոլորտի մէջ: Ի միջի այլոց ան յայտնեց, որ թէեւ նախորդ շաբաթներուն անհանգստութեան պատճառով  ներկայացումը ստիպուած էր կիսատ ձգել, սակայն մտահոգիչ ոչինչ կայ, եւ առողջութիւնը լաւ է: Կատակերգութեան մէջ Նարեկ Դուրեան կը խօսի իր ծնողներուն, նաեւ երեւանեան հին ու նոր կեանքին, առօրեային, թերութիւններուն, հետաքրքրական իրականութիւններուն մասին: Բաղդատութիւններ կը կատարուին Խորհրդային Միութեան տարիներուն եւ ներկայի իրականութեան միջեւ: «Խորհրդային Միութեան քարոզչութիւնը չեմ կատարեր, սխալ չհասկցուիմ, սակայն կան փաստեր, որոնք չես կրնար ժխտել: Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի մէջ կ’ապրէր չորս միլիոն անձ, Երեւանի մէջ` մէկ միլիոն, իսկ ներկայիս հաւանաբար շատ լաւ է վիճակը, սակայն քանի՞ է թիւը: Խորհրդային Միութեան տարիներուն Թուրքիոյ հետ առեւտուր չէինք կատարեր, զբօսաշրջութեան չէինք երթար Թուրքիա, իսկ այսօր պատկերը այլ է», յայտնեց Դուրեան` շեշտելով, որ ինք բաղդատական կ’ընէ այսօրուան թերութիւնները լուսարձակի տակ բերելու համար: Դուրեան հաստատեց, որ ինք կ’ատէ Խորհրդային Միութիւնը, այդ պատճառով ալ հեռացած է Հայաստանէն եւ հաստատուած Ֆրանսա, սակայն աւելի ուշ արդէն իսկ կրկին հայրենիք եկած է եւ ներկայիս հոն կ’ապրի:  Ան ըսաւ, որ թատերախաղին մէջ կը խօսուի ներկայիս Հայաստանի մէջ արժէքներու անկումին, մշակութային կեանքի աղաւաղումներուն մասին` դիտել տալով, որ պէտք է կառչիլ հայկականին, հեռու մնալ եւրոպական սովորութիւնները ծաղրելու մարմաջէն ու վտանգէն: Դուրեան կատակով յայտնեց, որ ինք Եւրոպան ձգած  Հայաստան եկած հաստատուած է, սակայն հիմա Եւրոպան իրեն հետապնդելով հասած է Հայաստան: Ան հաստատեց, որ այսօր պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի մեր հայկականութիւնը պահենք, մեր հարազատ աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն կառչած մնանք, զանոնք փոխանցենք սերունդէ սերունդ:

Comanostra-15.05Նարեկ Դուրեան բարկութեամբ արտայայտուեցաւ մանաւանդ պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուած ոչ պատշաճ  յայտագիրներուն մասին, որոնք կրնան աւերներ գործել ապագայ սերունդի կազմաւորման իմաստով: Ան հաստատեց, որ պէտք է խիստ ըլլալ, պէտք է հայկականութեան պահպանումը պարտադրել, որովհետեւ այլապէս կրնանք հասնիլ այնպիսի հանգրուանի, երբ սրբագրելը կրնայ շատ դժուար ըլլալ:

Նարեկ Դուրեան նշեց, որ ինք իր ներկայացումներուն ճամբով կը փորձէ հայրենասիրութեան, հայկական արժէքներու, հայկական աւանդութիւններու մասին խօսիլ` հաստատելով, որ միշտ ալ ազատ եղած է իր խօսքը բեմէն արտայայտելու իմաստով, ոչ ոք կաշկանդած է զինք կամ արգելք հանդիսանալ փորձած:

Արուեստագէտը ըսաւ, որ ճիշդ չէ այն միտքը, որ երկիրը երկիր չէ, այլ պէտք է հարց տալ, որ մարդիկը արդեօք իսկապէս մա՞րդ են` աւելցնելով, որ եթէ մարդ իսկապէս մարդ է, ուրեմն ինք կարողութիւնը եւ կամքը կ’ունենայ երկիրը երկիր դարձնելու: Անոր համաձայն, թէեւ թերութիւնները շատ են, սակայն կան նաեւ առաւելութիւններ, դրական կողմեր, որոնք պէտք է տեսնել, արժեւորել եւ մնայուն կերպով փորձել աւելի լաւ վայր մը դարձնել հայրենիքը:

Comanostra-15.06Ներկայիս կատակերգութեան նկատմամբ մարդոց ունեցած նախասիրութեան մասին խօսելով` Նարեկ Դուրեան յայտնեց, որ մարդիկ այսօր բաւական յոգնած եւ հեւքոտ առօրեայ մը կ’ապրին, քաղաքական պայմանները բաւական բարդ ու դժուար են, ուստի մարդիկ կը նախընտրեն կատակերգութիւնը, որքան ալ  թատրոնի միւս մարզերը կարեւոր եւ արժէքաւոր ըլլան:

Իր կատակերգութիւնը «Քոմա Նոստրա» կոչելու մասին խօսելով` Դուրեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով, թէ հիւանդանոց գտնուած հանգրուանին յղացած է նման գործի մը գաղափարը, ուզած է քոմա բառը անպայման ներառել խորագիրին մէջ: Ան պահ մը մտածած է քոմատիա դնել անունը, սակայն աւելի ուշ յարմար չէ տեսած, նախընտրած է Քոզա Նոստրայի հետեւողութեամբ «Քոմա Նոստրա» անուանել կատակերգութիւնը: Քոզա Նոստրան մաֆիոզներու խումբն է, որ իր ուզածին հասնելու մնայուն փորձի մէջ է, սակայն երբ քոմա է սկիզբը, այդ կը նշանակէ, որ կարելի պիտի չըլլայ յաղթահարել:

Ան սիրով խօսեցաւ  լիբանանահայ հանդիսատեսին մասին, որուն հետ ըլլալու առիթ ունեցած է նախապէս` յոյս յայտնելով, որ այս անգամ եւս լիբանանահայ արուեստասէրը ներկայ ըլլայ ներկայացումներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )