Սթարիճ` Ամբողջութեամբ Ապաքինած
Լիվըրփուլի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Տանիել Սթարիճ ամբողջութեամբ ապաքինած է, որովհետեւ ան սկսաւ իր փորձերուն, իր խմբակիցներուն հետ:
Նշենք, որ 25 տարեկան Սթարիճ վիրաւորուեցաւ նախորդ օգոստոսին` Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր կատարած մրցումին ընթացքին:
Սթարիճ, որ այս տարեշրջանին Լիվըրփուլի հետ ցարդ կատարած է միայն 3 մրցում, նախորդ տարեշրջանին 29 մրցումի ընթացքին 21 կոլ նշանակեց իր կազմին հետ:
CATEGORIES Մարզական

