Եուրօ-2016. Այսօր` Փորթուգալ – Հայաստան
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Փորթուգալի:
Թ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու խումբերն ալ ցարդ կատարած են երկուքական մրցում: Փորթուգալ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ հայրենի կազմը արձանագրած է հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Պեռնար Շալանտի կազմը` Հայաստան, երէկ կատարեց իր վերջին փորձերը` պատրաստուելու համար այս մրցումին, յորդառատ անձրեւի ուղեկցութեամբ մինչ թրիպիւնին վրայ բաւական աշխուժ էին հայ ֆութպոլասէրները, որոնք ամէն ձեւով կը քաջալերէին իրենց մարզիկները:
Կ՛արժէ նշել, որ Հայաստանէն շուրջ 60 ֆութպոլիստներ հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրած էին` հասնելու համար Փորթուգալ եւ աջակցելու Հայաստանի կատարելիք այս մրցումին:
Նշենք, որ Հայաստանի համար այս մրցումը պիտի ըլլայ 2014 տարուան զտումի վերջին մրցումը:
Շատ հաւանական է, որ այսօրուան այս մրցումին չմասնակցի կեդրոնի յետսապահ Հրայր Մկոյեան, որ փորձերու ընթացքին վնասուածք ստանալով դադրեցուց իր փորձերը:

