ԿԱԿ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ
Կազմակերպութեամբ ԿԱԿ միութեան, Ապրինի մէջ (Պաթրուն) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ այս տարուան մրցումներուն ծրագիրը:
Ամէն տարի ԿԱԿ կը կազմակերպէ մարզական շաբաթավերջ մը, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան վազքի, հեծելարշաւի, Թիավարութեան եւ այլ տեսակի մրցումներ, որոնք կը ստեղծեն մեծ խանդավառութիւն շրջանի բնակիչներուն մօտ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս մարզական շաբաթավերջին օժանդակողներուն` Շարպել Տըրղամ մասնակցող բոլոր մարզիկներուն մաղթեց յաջողութիւն` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն համար:
CATEGORIES Մարզական

