Արդեօ՞ք Մարքօ Փոլոն Ամերիկան Գտած Է 13-րդ Դարուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1115_marco-polo-2Ըստ հին քարտեսի մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ պատկանած է իտալացի հետախոյզին, Մարքօ Փոլօ Պերենկի նեղուցը անցնելով` այցելած է Ալասքան Քրիստափոր Քոլոպոսի Նոր աշխարհ հասնելէն 2 դար առաջ: Իրականութի՞ւն, թէ՞ ենթադրութիւն:

Երբ մենք ոեւէ երկու մը հարցնենք, թէ ո՛վ գտած է Ամերիկան, ան վստահաբար պիտի պատասխանէ` «Քրիստափոր Քոլոմպոս: 1492-ի հոկտեմբերին, Ճենովա քաղաքէն այս նաւապետը հասած է Պահամասներու ծովափներէն մէկը, երբ ան կը փնտռէր արեւմուտքէն անցնող ճամբայ մը` դէպի Ասիա: Այս դէպքը տակաւին մինչեւ այսօր կը յիշուի եւ Միացեալ Նահանգներու ու Քանատայի մէջ կը տօնուի Քոլոմպոսի օրը: Սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ, որ ուրիշ իտալացի հետախոյզ մը` Մարքօ Փոլօ հասած է Նոր աշխարհ նաւապետէն 2 դար առաջ: Ուաշինկթընի քոնկրեսի գրադարանին մէջ գտնուող գիրքի մը ուսումնասիրութիւնն է, որ այս ենթադրութիւնը կը յառաջացնէ: Այս մագաղաթը կը կրէ 13-րդ դարու նշանաւոր ճամբորդին կնիքը, եւ ըստ երեւոյթին, ցոյց կու տայ արեւելեան Սիպերիան ամերիկեան ցամաքամասէն բաժնող Պերինկի նեղուցը, ինչպէս նաեւ` մօտակայ կղզիները եւ Ալասքայի ծովափները…

Խորհրդաւոր Քարտես Մը

1115_marco-polo-3Այս քարտեսի Քոնկրեսի գրադարանին մէջ կը գտնուի 1933 թուականէն ի վեր: Անիկա մաս կը կազմէր խումբ մը փաստաթուղթերու, որոնք գրադարանին նուիրուած էին իտալական պապեր ունեցող ամերիկացիի մը կողմէ: Սակայն այս վաւերաթուղթերուն տրցակը նոր ուսումնասիրուած է: Այդ քարտեսին եւ անոր ընկերացող գրութիւններուն հեղինակը կ՛ենթադրուի, որ Մարքօ Փոլոյի աղջիկներէն մէկն է` Պելլալան: Ան հոն կը պատմէ իր հօրը հանդիպումը սուրիացի վաճառականի մը հետ` Քամչաթքայի շրջանին մէջ: Երկու անձերը միասին անցած են Պերինկի նեղուցը եւ հասած` Ալասքա: Մարքօ հոն տեսած է փոկի մորթեր հագուած, գետնին տակը պատսպարաններու մէջ ապրող եւ ձուկ ուտող մարդիկ: Սակայն ինչո՞ւ ան բնաւ չէ խօսած այս ճամբորդութեան մասին իր պատմութիւններուն մէջ, մինչ ան նշանաւոր դարձած է յատկապէս իր «Հրաշալիքներու գիրքին» միջոցով: Կրնայ ըլլալ, որ ան կը կարծէր, թէ տակաւին Ասիա կը գտնուի, եւ իսկապէս չէ անդրադարձած այս յատուկ ճամբորդութեան կարեւորութեան… Կայ նաեւ ուրիշ հարց մը: Արդեօ՞ք այդ քարտեսը իսկական է: Նոյնիսկ եթէ ան սխալ կամ կեղծ փաստաթուղթ մըն է, գիտական ուսումնասիրութիւնները փաստած է, որ անիկա 15-րդ կամ 16-րդ դարու վաւերաթուղթ մըն է: Այս պարագային, անիկա կրնայ կրկնօրինակ մը ըլլալ, եւ ո՛չ իսկականը: Հակառակ այս բոլոր նշումներուն` անիկա կանխած է 1728-ին դանիացի հետախոյզին Պերինկի նեղուցը կտրելը:

Ամերիկան` Ո՞չ Շուտ Նոր Աշխարհ Մը

1115_marco-polo-5Ամերիկան գտնող առաջին մարդիկը հաւանաբար եղած են Ասիայէն նախապատմական ցեղախումբեր, որոնք Պերինկի նեղուցը կտրած են 20.000 տարիներ կամ աւելի առաջ, եւ որոնցմէ սերած են Ամերիկայի հնդիկ ցեղախումբերը: Պատմութեան մէջ, շատ աւելի ուշ, Ք. Ե. մօտաւորապէս 1000 թուականին Լիֆ Էրիքսըն Վայքինկ հետախոյզը, Կրինլանտէն մեկնած է եւ Թեր-նէօվի շրջանը գտած է. ան նոյնիսկ հանդիպած է հնդիկներու… որոնք զայն անմիջապէս փախուստի մատնած են:

Շատ հին ժամանակներէ քիչ թէ շատ հաւանական զրոյցներ կը շրջին դարերու ընթացքին ովկիանոսը կտրած փիւնիկեցի, հռոմէացի, իրլանտացի նաւապետներու մասին: Չինաստանի մէջ կը խօսուի նաեւ հազարաւոր տարիներ առաջ Խաղաղական ովկիանոսին դէպի միւս կողմը կատարուած ճամբորդութիւններուն մասին: Սակայն այս պատմութիւնները յաճախ կու գան աւանդական պատմութիւններէ, կամ նոյնիսկ` աւելի նոր հեքիաթներէ: Դժուար է զանազանել երեւակայականին եւ իրականութեան միջեւ: Ուրիշ միջնադարեան քարտես մը` Վինլանտի քարտեսը, որ կը ներկայացնէ Ամերիկայի արեւմտեան ծովափը, երկար ատեն անիկա սեպուած է իբրեւ իսկական. ապա բացայայտուած է, թէ ան կեղծ է: Տակաւին մինչեւ այսօր մասնագէտները կը շարունակեն վիճիլ այդ փաստաթուղթին մասին…

 

Հարցարան

Աշխարհի Շուրջ

1115_hartzaranramses-2-(1)1) Քանի՞ երկիր կայ Ասիոյ մէջ:
ա – 51, բ – 52, գ – 53:

2) Ո՞րն է Հնդկաստանի ազգային անասունը:

3) Ի՞նչ կը նշանակէ «Չինաստան» բառը չինարէնով:
ա – Ծագող արեւուն երկիրը, բ – Մար մտնող արեւուն երկիրը, գ – Կեդրոնի երկիրը:

4) Քանի՞ կղզիներ գոյութիւն ունին Ովկիանիոյ մէջ:
ա – Աւելի քան 100, բ – Աւելի քան 1000, գ – Աւելի քան 10.000:

5) Ո՞րն է Ամերիկայի ամէնէն մեծ երկիրը:

6) Ո՞րն է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը:

1115_hartzaranramses-2-(2)7) Ո՞ր 15-րդ դարու աշխարհահռչակ նաւապետը` ծագումով Իտալիոյ Ճենովա շրջանէն է:

8) Ի՞նչ նշանաւոր շինութիւն Պերլին քաղաքը երկուքի բաժնած է 1961-1989 թուականներուն:

9) Ո՞րն է Եւրոպայի ամէնէն շատ այցելուած երկիրը:

10) Ո՞ր ովկիանոսին մէջ կը գտնուի Կրինլանտը:

11) Քանի՞ հատ Ռամսէս անունով եգիպտացի փարաւոն գոյութիւն ունեցած է:
ա – 1, բ – 7, գ – 11:

12) Քանի՞ տարբեր լեզուներ կը խօսուին Ափրիկէի մէջ:
ա – 500, բ – 1000, գ – Աւելի քան 2000:

 Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Գիտէի՞ր Թէ…

1115_kideyir-te--Oceanie– Ասիան բոլոր մրցանիշերուն ցամաքամասն է. ան ամէնէն մեծն է, ամէնէն շատ բնակիչ ունեցողը, ամէնէն բարձր լեռներ եւ ամէնէն շատ կղզիներ ունեցողը: 2010 թուականին այս ցամաքամասին բնակչութեան թիւը կը հասնէր 4,121,242 ,000 այսինքն` աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին:

– Հնդկաստան ժամանակին եղած է անգլիական գաղթավայր մը: 1947 թուականին երկիրը կ՛առնէ իր անկախութիւնը եւ երկուքի կը բաժնուի. արեւելքը` Փաքիստանի Տոմինիընը եւ արեւմուտքը` Հնդկական Միութիւնը: Հետագային, Փաքիստանը բաժնուած է երկուքի, Փաքիստան եւ Պանկլատէշ, իսկ Հնդկական Միութիւնը դարձած է Հնդկաստան:

– Ովկիանիան աշխարհի ամէնէն փոքր ցամաքամասն է, ինչպէս նաեւ` ամէնէն քիչ բնակիչ ունեցողը: Ան չորս մասի բաժնուած է. արեւմուտքը` Աւստրալիան, կեդրոնը` Մելանեզիան, հիւսիսը` Միքրոնեզիան, եւ արեւելքը` Փոլինեզիան: Ցամաքամասը բաղկացած է 16 անկախ պետութիւններէ եւ ուրիշ երկիրներու կողմէ ղեկավարուող 15 տարածքներէ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ծաղիկին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել ծաղիկին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս բուրգը ամբողջացնել` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Այս ձեւով, 25+28= 53:

Կրնա՞ս բուրգը ամբողջացնել` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Այս ձեւով, 25+28= 53:

Կրնա՞ս գտնել շան համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել շան համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) 51, 2) Պենկալի վագրը, 3) Կեդրոնի երկիրը, 4) Աւելի քան 1000, 5) Քանատա, անոր տարածքը գրեթէ 10.000.000 քառակուսի քմ է, 6) Ուաշինկթըն, 7) Քրիստափոր Քոլոմպոս, անոր իսկական անունն է Քրիսթոքորօ Քոլոմպօ, 8) Պերլինի պատը. անիկա քաղաքին արեւելեան շրջանը կը բաժնէր արեւմտեան շրջանէն), 9) Ֆրանսա, 10) Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, 11) Ռամսէս փարաւոններ գահին վրայ բարձրացած են Ք. Ա. 1295-էն 1069 թուականին միջեւ, 12) Աւելի քան 2000. ասիկա կը համապատասխանէ ամբողջ աշխարհին մէջ խօսուած լեզուներուն մէկ երրորդին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )