ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Քանի մը շաբթուան արձակուրդէ մը ետք, այս շաբաթավերջին կը սկսին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան 15-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (նշենք, որ փակագիծերուն մէջ նշուած են կեդրոնի իրաւարարներուն անունները, որոնք երէկ նշանակուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ).
ԱՅՍՕՐ
Գանձասար – Ուլիս (Անդրանիկ Արսէնեան)
Իմփուլս – Փիւնիկ (Գէորգ Եղոյեան)
ՎԱՂԸ
Միքա – Շիրակ (Արման Ամիրխանեան)
Արարատ – Բանանց (Մանուկ Ֆահրատեան)
CATEGORIES Մարզական