Ապու Ֆաուր. «Ուտեստեղէնի Առողջապահական Չափանիշները Ստուգելու Քննութիւններուն Արդիւնքները Ճշգրիտ Են»

Ապու Ֆաուրի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Ապու Ֆաուրի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ այցելեց Երկրագործութեան հետազօտութեան Ֆանարի կեդրոնը, ուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ կատարուած ուտեստեղէնի քննութիւնները` առողջապահական չափանիշները ամբողջացնելու անոնց յատկանիշները ստուգելու համար, ճշգրիտ արդիւնքներ կ՛ապահովեն:

Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց, որ պէտք չէ կասկածի տակ առնել լիբանանեան պետութիւնը:

Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ երկրին մէջ մղուող այս արշաւին նկատմամբ ցուցաբերուած քաղաքական եւ առեւտրական պոռնկութիւնը վերջ գտնէ:

«Հետեւաբար, այն հաստատութիւնները, որոնց մօտ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն գտնուած է, պէտք է համեստօրէն գործակցին եւ սրբագրեն իրենց ընթացքը` այս արշաւին նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերելով», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ, որ հիմնական հարցերը հաւնոցներն են, ինչպէս նաեւ աղտը, ջուրն ու աշխատաւորները:

 

Share this Article
CATEGORIES