ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Տերեւաթափ է կարծես…
Վերջին օրերուն իրերայաջորդ կերպով կորսնցուցինք ՀՄԸՄ-ական սիրելի դէմքեր` Կարօ Ճէհիզեան, Գէորգ Գարապոյաճեան, Յովհաննէս Պէրպէրեան, Վրէժ Ֆուճուրեան եւ Պօղոս Յովհաննէսեան:
Դէմքեր, որոնք եղած են սկաուտ, մարզիկ, մարզիչ կամ տարած են վարչական գործունէութիւն:
Դէմքեր, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են սկաուտական թէ մարզական` աթլէթի, պասքէթի թէ փինկ փոնկի մարզերուն մէջ` ոսկեայ տառերով արձանագրելով միութեան պանծալի պատմութիւնը:
Քառասուն օրեր առաջ Փարիզի մէջ կը մահանար Պօղոս Յովհաննէսեան, որ իր իւրայատուկ տեղը ունի Լիբանանի թէ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի պատմութեան կերտումին մէջ:
Պօղոս Յովհաննէսեան մաս կազմած է 1963-ին հիմնուած Լիբանանի փինկ փոնկի առաջին ֆետերասիոնին` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ը ու մնացած է յիշեալ ֆետերասիոնի անդամ մինչեւ 1976:
Այս ժամանակաշրջանին եղած է նաեւ մարզիչ ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի ազգային խումբերուն:
Ֆետերասիոնի պաշտօնական հիմնադրութենէն ետք կազմակերպուած ախոյեանութիւններուն` 1964-ին, Լիբանանի տղոց անհատական ախոյեան կը հանդիսանայ Սամուէլ Մաթոսեան եւ աղջկանց անհատական ախոյեան կը հանդիսանայ Նազիկ Յովհաննէսեան:
1965-ին տղոց անհատական ախոյեանութեան կը տիրանայ Վահագ Յովհաննէսեան, իսկ աղջկանց անհատական ախոյեանութեան վերստին Նազիկ Յովհաննէսեան, որ իր մօտ կը պահէ տիտղոսը մինչեւ 1991:
Եղբայր Պօղոս զարկ կու տայ ՀՄԸՄ-ի խումբերու պատրաստութեան, յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձնելով պատանի ու երիտասարդ մարզիկները, որոնք փայլուն աստղերը կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի խումբերուն, արդարեւ Շահէ Թիւթիւնճեան, Ալեքս Աճէմեան, Սեպուհ Գարաքէլեան, Արմէն Գալուստեան, Արա Մսըրլեան եւ Րաֆֆի Մումջօղլեան մեծ նուաճումներ կ՛արձանագրեն զանազան մրցաշարքերու եւ ախոյանութեանց ընթացքին:
Վերոյիշեալ ՀՄԸՄ-ականներէն բացառիկ յաջողութիւն եւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ Րաֆֆի Մումջօղլեան, որ 1974-էն մինչեւ 1991 իր մօտ կը պահէ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը:
ՐաՖՖի Մումջօղլեան, Ալեքս Աճէմեան եւ Նազիկ Յովհաննէսեան բազմիցս Լիբանանը ներկայացուցած են Արաբական, Միջ – Միջերկրականեանի, Ասիական Ասիոյ – Ափրիկեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքերուն:
Այս բոլորը արդիւնքն էին իբրեւ մարզիչ խումբերուն եւ մարզիկներուն ետին կանգնած իր ցուցմունքները տուող անձի մը, որ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Պօղոս Յովհաննէսեան:
Ֆրանսա մեկնելէ ետք եւս Պօղոսի կապը չխզուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի մարզական լուրերէն ընդհանրապէս եւ փինկ փոնկի լուրերուն մասնաւորաբար: Իր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր, երբ ամէն անգամ իմանար, որ իր մարզած մարզիկը` Րաֆֆի Մումջօղլեան այսօր կը մարզէ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի խումբերը, մարզիկները, ուր կ՛արձանագրեն մեծ յաջողութիւններ անհատական թէ խմբային ախոյեանութեանց մէջ եւ ամէնէն լաւ արդիւնքը` արաբական Աշխարհի ախոյեանութեան տիրանալը` 4 անգամ…
Քառասուն օրեր առաջ Պօղոս Յովհաննէսեան կը մահանար Փարիզի մէջ` սուգի մատնելով իր հարազատներն ու ՀՄԸՄ-ականները:
Սիրելի՛ եղբայր Պօղոս,
Քեզի կ՛ըսենք` վարձքդ կատար:
Դուն, որ հաստատ հիմերու վրայ դրիր ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի խումբերը, տուիր միութեանդ ինչ որ կարելի էր տալ, ժամեր, օրեր ու տարիներ տրամադրեցիր, որ ՀՄԸՄ կարենայ իր անսասան տեղը ունենալ Լիբանանի մարզական հրապարակին վրան, ի զուր չէր քու աշխատանքդ, փաստ` Լիբանանի շուրջ 70 տարուան փինկ փոնկի աշխարհին մէջ ՀՄԸՄ-ի արձանագրած արդիւնքներն ու նուաճած դիրքերը:
Վարձքդ կատար բիւր անգամ:
Յարգանք յիշատակիդ:
ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ