ԵՕԹՆԵՐԱՆԳ ՈՒ ԵՕԹՆԱԲՈՅՐ ԳԵՂԱՀԻՒՍ ԾԻԱԾԱՆ ՄԸ` «ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ԾԻԱԾԱՆԸ». ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Սարգիս Կիրակոսեան` իր նորատիպի շնորհահանդէսին ընթացքին

19 յուլիսին Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գրող, բանաստեղծ, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանի «Մայրիներուն ծիածանը» լիբանանցի արդի եօթը բանաստեղծներու գործերուն թարգմանուած ժողովածուի շնորհահանդէսը:

«Հայերն այսօր»ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Կիրակոսեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս յղացաւ այս գաղափարը, ըսաւ. «Այս գիրքը 40 տարիներու թարգմանական փորձերու մէկտեղումն է: Առաջին թարգմանութիւններուն սկսած եմ 1973-ին, անկէ ետք թարգմանութիւններս յաջորդաբար հրատարակուած են «Բագին» ամսագիրին մէջ: Բայց գիրքը գիրք դարձաւ վերջին չորս-հինգ տարիներուն` պրն. Լեւոն Անանեանի հետեւողական հետապնդումներով, ծրագրուած աշխատանքով եւ խմբագրութեամբ»: Հեղինակը նաեւ նշեց, որ այդ եօթը բանաստեղծները իւրովի կը ներկայացնեն եօթը գոյն, եօթը աշխարհ, կարծես կը պատկերեն լիբանանեան արդի գրականութեան ծիածանը:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրող Յովհաննէս Գրիգորեան եւ բարձր գնահատեց նման ժողովածուի մը հրատարակութիւնը: Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, բարձր գնահատելով լիբանանահայ գրող Սարգիս Կիրակոսեանի գրական վաստակը, Գրողներու միութեան վարչութեան որոշումով անոր յանձնեց «գրական վաստակի համար» մետալը:

Ապա Սարգիս Կիրակոսեանի ժողովածուին մասին (Լիբանանի արդի բանաստեղծներու եւ գրողներու երկու սերունդի ստեղծագործութիւն) վերլուծաբար անդրադարձան բանախօսներ` արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեան, բանաստեղծներ Արտեմ Յարութիւնեան, Դաւիթ Յովհաննէս, գրականագէտներ Դաւիթ Գասպարեան եւ Սուրէն Աբրահամեան: Գիրքին մէջ ընդգրկուած բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ասմունքեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Սիլվա Եուզպաշեան եւ Արման Նաւասարդեան:

Շնորհահանդէսը ամփոփուեցաւ Սարգիս Կիրակոսեանի շնորհակալական խօսքով, որ ուղղուած էր գիրքի խմբագիր Լեւոն Անանեանին, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, որուն աջակցութեամբ տպագրուած է լիբանանեան արդի բանաստեղծներու (Ատոնիս (Ալի Ահմետ Սայիտ), Եուսեֆ Խալ, Շաուքի Ապի Շաքրա, Ունսի Հաժ, Փոլ Շաուլ, Ապպաս Պայտուն, Ուատիհ Սաատէ) գործերու թարգմանութիւնը` Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակչութեան կողմէն:

«Այս գիրքը եօթներանգ ու եօթնաբոյր գեղահիւս ծիածան մըն է, որ, կը հաւատանք, այս հատընտիրի էջերէն բանաստեղծութիւն առ բանաստեղծութիւն հրաշափառ վեր բարձրանալով` Սաննինի ձիւնապսակ կատարը պիտի կամրջէ Արարատի աստուածամերձ գագաթին ու պիտի ըլլայ լիբանանցի եւ հայ երկու բարեկամ ժողովուրդները ա՛լ աւելի իրարու մօտեցնող, մէկ պսակի տակ եղբայրացնող թագ ու ծիածան», ըսաւ Սարգիս Կիրակոսեան եւ ընծայագրեց գիրքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES