ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՖԱՐՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Իրանի Յեղախոխական պահակագունդի 6 զինուորներ սպաննուած են Իրաքի հետ սահմանին վրայ քիւրտ զինեալներու հետ բախումներու ընթացքին: Սպանեալներէն մէկը բարձրաստիճան զինուորական Ապպաս Ասեմին է: Քիւրտերը տուած են երկու զոհ եւ չորս վիրաւոր:
«Քում քաղաքի Իսլամական յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Ասեմին իր 5 զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ Սարտաշթ շրջանին մէջ քիւրտ ահաբեկիչներու հետ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին», յայտնեց լրատու գործակալութիւնը:
Իր կարգին, Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց հիւսիսային Իրանի մէջ Ասեմինի սպանութեան լուրը` առանց բացայայտելու սպանութեան դրդապատճառները:
Վերջին շաբաթներուն, սահմանակից շրջաններուն մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան իրանեան ուժերուն եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ:
«ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, դաշնակից ուժերը ամերիկեան ուժերուն գլխաւորութեամբ Աֆղանիստանի արեւելեան Փաքթիքա գաւառին մէջ սպաննած են 50 աֆղան զինեալներ: Ուժերը զինեալներուն թաքստոցին մասին ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք Աֆղանիստանի ապահովական ուժերուն հետ միասին յարձակած եւ սպաննած են զինեալները: