Հարցազրոյց Շուէտի Խորհրդարանի Փոխնախագահ Իզապէլ Տինկիզեանի Հետ

0000ISABELLEՇուէտի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` ընտրուած էր օտար ծագումով (ոչ շուէտացի) խորհրդարանի փոխնախագահ իրաքահայ Իզապէլ Տինկիզեան:

«Հայերն այսօր»-ը թարգմանած է Տինկիզեանի հետ «Ալ-Քոմպիս» շուէտական-արաբատառ կայքին ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պատմեցէք, խնդրեմ, ինչպէ՞ս գաղթած էք Շուէտ:

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Հօրս աշխատանքին պատճառով տեղափոխուեցանք Շուէտ, Պաղտատի մէջ հայրս կ՛աշխատէր շուէտական ընկերութեան մը մէջ, առաջարկ ստացաւ աշխատելու Շուէտի մէջ. ան լաւ կը տիրապետէր անգլերէնին, հետեւաբար կ՛աշխատէր Շուէտի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ` իբրեւ միջնորդ ինքնաշարժներու ընկերութեան մը մէջ: 1965 թուականին ընտանեօք գաղթեցինք Շուէտ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ե՞րբ սկսաք զբաղելու քաղաքականութեամբ:

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Ես մեծցած եմ Մալմօ քաղաքին մէջ, այնտեղ չէի զբաղեր քաղաքականութեամբ, 1989-ին մայրաքաղաք Սթոքհոլմ փոխադրուեցայ` աշխատելու, 1998-ին Պոթքիրքա քաղաքի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ ըլլալէս ետք, 2006-ին կուսակցութեան կողմէ առաջադրուեցայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ուստի, քուէարկութեան արդիւնքով` ընտրուեցայ խորհրդարանի անդամ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Ես միշտ ձեւով մը եղած եմ ըմբոստ, չեմ ընդունած անարդարութիւնը, ընտանիքիս մէջ յայտնաբերած էի տղու եւ աղջկան միջեւ խտրականութիւնը, ապա` ընկերութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մի՛ մոռնաք, որ մինչեւ հիմա կիները չեն ստանար նոյն աշխատավարձը, զոր կը ստանան տղամարդիկ:

Առկայ մորթի գոյնի խտրականութենէն բացի` Շուէտի մէջ կայ շուէտական անուն չկրողներուն դէմ խտրականութիւն, անկախ անկէ, թէ մարդը կը խօսի շուէտերէն շատ լաւ կամ ունի բարձր աստիճանի վկայական:

Ես կ՛ուզեմ պայքարիլ մեր ընկերութեան մէջ առկայ բոլոր տեսակի անարդարութիւններու եւ խտրականութեանց դէմ եւ աշխատիլ ստեղծել աւելի գեղեցիկ կեանքի հնարաւորութիւն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդեօք Բնապահպանութիւն կուսակցութիւնը ի՞նք որոշեց ձեզ եւ միւս թեկնածուները առաջադրել այս պաշտօնին:

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Անձամբ կը կարծեմ, որ կուսակցութիւնը կարեւոր նկատեց օտար արմատներ ունեցող մէկը ներկայացնելու հարցը, նաեւ չմոռնանք քաղաքականութեան մէջ իմ ունեցած փորձառութիւնը, որ նոյնպէս ազդեց ընտրութեան, քանի որ այդ հարցին մէջ առաւելապէս մեծ դեր ունի փորձառութիւնը, քան` քաղաքականութեան տեսական ուսումնասիրութիւնը:

Ես կը կարծեմ, որ կան շարք մը այլ գործօններ` այս պաշտօնին ընտրուելուս մէջ, քանի որ կուսակցութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը նոր մտած է դատախազութեան խորհուրդ, մինչդեռ ես եւ Կանաչներ կուսակցութեան երեք անդամները 8 տարուան փորձառութիւն ունինք խորհրդարանին մէջ (երկու յաջորդական խորհրդարանական յանձնաժողովներ), եւ գիտելիքներս այդ ուղղութեամբ շատ հարուստ են:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր ընտանիքը երկար ատեն է, որ Շուէտ տեղափոխուած է. տան մէջ ի՞նչ լեզուով կը խօսիք:

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Երբ Իրաքէն գաղթեցինք, երեխաներ էինք, եւ մեզի համար հնարաւոր չէր սորվիլ արաբերէն. տան մէջ ընտանիքիս հետ հայերէն կը խօսիմ:

Ծնողներս արաբերէնը կ՛օգտագործէին, երբ ուզէին բան մը խօսիլ, որ մենք չհասկնանք, անիկա իրենց գաղտնի խօսակցութիւններու լեզուն էր, այդ իսկ պատճառով ինծի համար հետաքրքրական էր սորվիլ արաբերէնը, եւ ես խնդրեցի արաբ ընկերներէս, որ արաբերէն սորվեցնեն ինծի. հիմա շատ լաւ կը հասկնամ, բայց պէտք է աւելի շատ խօսիմ, որ կարենամ կատարելագործել զայն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )