«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԲԱՑԱՌԻԿ ՍԿԻԶԲ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքին սկիզբը բացառիկ եղած է` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան 2 օգոստոսի նիստը բաւական կարեւոր նիստ մը ըլլայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը գործադրութեան ճիշդ ուղիին վրայ դրուած է եւ արժանացած կառավարութեան 99 առ հարիւրին համախոհութեան:
Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել աւելի քան 100 կէտ, որոնք կը վերաբերին քաղաքացիներուն առօրեային, ինչպէս նաեւ կատարել շարք մը պետական նշանակումներ:
Անդրադառնալով ընդդիմութեան դերակատարութեան` նախարար Մանճեան հաստատեց, որ անոր իրաւունքն է իր դերակատարութիւնը ունենալ` կառավարութեան աշխատանքին հսկելու եւ անոր սխալները ուղղելու իմաստով, «սակայն անհրաժեշտ է այդ բոլորը կատարել օրէնքի եւ սահմանադրութեան համաձայն», ըսաւ ան:
Փ. Մանճեան ընդգծեց Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, թէ որքան տարակարծութիւնները շատ ըլլան, անոնք պէտք է պատճառ դառնան, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը շարունակուի: