Ահրար Շամի Մէկ Ղեկավարը Սպաննուած Է Հալէպի Մէջ

Ahrar_al-Sham«Լեպանոն ֆայլզ» կայքը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական Ահրար Շամ խմբաւորումի հետեւորդ Պայարեք Իսլամ ջոկատի ղեկավար Խալետ Ամմուրի սպաննուած է Հալէպի մէջ տեղի ունեցած վերջին բախումներուն ընթացքին:

Միւս կողմէ, թրքական բանակի աղբիւր մը երէկ յայտնեց, որ թրքական Մուրշետ Բընար անցքը թիրախ դարձած է սուրիական հրթիռային յարձակման` առանց մարդկային կորուստներ պատճառելու:

Share this Article
CATEGORIES