Ճատրակ. Ատովմեան Եւ Մնացականեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ աւարտած Եւրոպայի արագ ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն երկու հայեր` Արտեոմ Ատովմեան եւ Արսէն Մնացականեան (Ռուսիա), հանդիսացան Եւրոպայի փոխախոյեաններ` յաջորդաբար 8 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան 60 մասնակցողներու մէջ առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES