Եուրօ-2016. Ալպանիա Հայաստանը Պիտի Հիւրընկալէ Մայրաքաղաքէն Դուրս
29 մարտ 2015-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ալպանիոյ:
Իր լուրը քաղելով ալպանիական Albaniansoccer.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էլպասան քաղաքի «Էլպասան – Արենա» դաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 12 հազար հանդիսատես:
Օգոստոս 2013-ին Ալպանիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանը հիւրընկալեց Թիրանայի «Քեմալ-Սթաֆա» մարզադաշտին վրայ, որ երկրին մեծագոյն դաշտն է:
Հայկական աղբիւրը կ՛ըսէ, որ ի յայտ եկած է, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն միջազգային մրցումներ կատարելու արտօնագիր տուած է միայն «Էլպասան – Արենա»-ին, ինչ որ կը նշանակէ, որ ալպանացիները ստիպուած են իրենց բոլոր պաշտօնական մրցումները կատարել Թիրանայէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքին մէջ:

