ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ` Ի ՎՆԱՍ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու սրբագրութիւնը պէտք չէ ըլլայ Իսրայէլի շահերուն հաշուոյն:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Լիպըրման յայտնեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ պատճառ ունի Թուրքիայէն ներում հայցելու` Կազա ուղղուող «Մաւի Մարմարա» նաւատորմին հարցով, որովհետեւ Իսրայէլ-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կը ծառայէ երկու կողմերուն շահերուն:
«Եթէ նոյնիսկ Իսրայէլի կառավարութեան մէջ տարակարծութիւններ արձանագրուին` Թուրքիայէն ներում հայցելու իմաստով, Իսրայէլ մեր տունն է կուսակցութիւնը պիտի չհրաժարի կառավարութենէն», ըսաւ ան:
CATEGORIES Միջազգային