Ծանրաբարձութիւն. Սմբատ Մարգարեան 23 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Փոխախոյեան
Հայաստանի ներկայացուցիչ Սմբատ Մարգարեան, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն (Կիպրոսի մէջ) Հայաստանին պարգեւեց արծաթ մետալ մը` 56 քկ դասակարգին մէջ հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:
Ան ընդամէնը բարձրացուց 252 քկ (107 եւ 145) եւ ախոյեանութեան տիտղոսը զիջեցաւ սպանացի Խոսուէ Պրաչիի:
ArmSport.am կայքը աւելցուց նշելով, որ Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան Սմբատ Մարգարեան բարձրացուցած էր 250 քկ:
CATEGORIES Մարզական

