Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր բախտին աստղերը պիտի օգնեն ձեզի` երկուքով իրագործելու ձեր որոշած նպատակները:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործի մէջ փոփոխութիւն մը կախում ունի ձեր վերաբերումէն: Արթուն եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի գտնէք բարեխօս մը, որ ձեզ մտիկ պիտի ընէ եւ մասնակից պիտի ըլլայ ձեր նպատակին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ապագայի վերաբերեալ դրական պատգամներ վստահութիւն պիտի ներշնչեն ձեզի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ ձեր շուրջիններուն հետ գործակցութեամբ պէտք է վերաբերիք: Օրը բարի է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մարզին մէջ պիտի շարունակէք ընթացքը եւ նոյն ատեն փոփոխութիւններ պիտի կատարէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կազմակերպուած եղէք հաճոյք պատճառելու համար ձեր սիրած անձին: Անակնկալ մը ձեզ կը սպասէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք է կարգադրէք ընտանեկան բազմաթիւ հարցեր: Այս հարցին մէջ առանձին մի՛ գործէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքի եւ բարեկամներու հետ ուշադրութեամբ վարուեցէք` յարգելով զիրար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզ պիտի շնորհաւորեն ձեր աշխատանքին համար: Ներկայիս ասկէ աւելի բան ընել անկարելի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր ձեր աստղը շատ բարերար պիտի ըլլայ: Ի պատուի էք, ուրեմն օգտագործեցէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր մեթոտ մը պիտի օգտագործէք հասնելու համար ձեր նպատակին: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ:

 

Share this Article
CATEGORIES