ԸՍՏ ՎԱՖԱ ԿԻՒԼԻԶԱՏԷԻ ՕԹԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԻՋԱՄՏԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ
Այսօր Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական կառոյցներու ազդեցութիւնը թուլցած է Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապներու լուծման հարցով: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Սալամնիուզ», ըսած է ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Վաֆա Կիւլիզատէ:
Կիւլիզատէի համաձայն, այդ կառոյցները յայտարարութիւններ կատարելէ բացի այլ բանի ընդունակ չեն:
«Եթէ Հայաստան դուրս ելլէ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիէն, անոր հետ համաձայնիլը աւելի դիւրին կ’ըլլայ», ընդգծած է Կիւլիզատէ` աւելցնելով, որ ղարաբաղեան տագնապին ՕԹԱՆ-ը պէտք է միջամտէ:
CATEGORIES Հայկական