Տեղացած Առատ Ձիւնը Կը Փակէ Լիբանանի Լեռնային Ճամբաները
Պէյրութի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն համաձայն, Լիբանանը հարուածող «Նենսի» փոթորիկը կը շարունակուի եւ տեղացած առատ ձիւնը կը փակէ երկրին լեռնային ճամբաները:
Այս շրջագիծին մէջ, ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ Ույուն Սիման-Սիր Տըննիէ, Հերմել-Սիր Տըննիէ, Ույուն Սիման-Հատաս Պաալպեք, Այնաթա-Արզ, Մնայթրա-Հատաս Պաալպեք, Հատաս Պաալպեք-Աֆքա ճամբաները փակ են, իսկ Տահր Պայտարի ճամբան կը մնայ բաց:
Ըստ անոնց տեղեկութիւններուն, հակառակ տեղացած առատ ձիւնին, Մաասեր Քըֆրայայի, Թարշիշի, Քֆարտըպիանի, Պքաասըֆրինի, Պքարսունայի, Նըմրինի, Սաֆիրայի եւ Քֆարպնինի ճամբաները բաց են, սակայն անհրաժեշտ է այդ շրջանները ուղղուիլ ինքնաշարժներու անիւներուն շղթայ անցընելէ ետք:
Ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն նախազգուշական քայլեր որդեգրելու` կանխարգիլելու համար ինքնաշարժի սայթաքումներն ու արկածները:

