Քրտական Ծագումով Թուրք Պատգամաւորը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Օրինագիծ Ներկայացուցած Է Խորհրդարան

Սեպահաթ Թունճել

Սեպահաթ Թունճել

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան կին երեսփոխան Սեպահաթ Թունճել Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացուցած է աղմկայարոյց օրինագիծ-առաջարկ մը: Թունճել  օրէնսդիր մարմինին կ՛առաջարկէ ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան համար երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերէն ներում հայցելու մասին առաջարկը: Ընդ որում, ներումը Էրտողան  պէտք է հայցէ պաշտօնապէս` ամբողջ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան անունով:

Թրքական «Էնսոնհապեր» լրատու կայքը կը  տեղեկացնէ, որ առաջարկուող օրինագիծին  համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնապէս ներում պէտք է հայցէ խորհրդարանի ամպիոնէն: Իսկ յաջորդ օրը կոտորածի վայրերէն մէկուն մէջ  նախագահին կողմէ պէտք է ընթերցուի ներում  հայցելու գրութիւնը: Ատկէ ետք առաւելագոյնը  տարուան մը ընթացքին պէտք է ստեղծուի խորհրդարանական յանձնախումբ մը, որուն առջեւ  պէտք է բացուին պետական բոլոր արխիւները: Օրինագիծով կ՛առաջարկուի ապրիլ 24-ը սուգի օր յայտարարել եւ ամրագրել օրացոյցին մէջ, ինչպէս նաեւ կատարել նիւթական եւ բարոյական հատուցում:

Քրտական ծագումով թուրք պատգամաւորը Հայոց ցեղասպանութեան հետ իր օրինագիծին մէջ  կը յիշատակէ նաեւ Տերսիմի, Մարաշի, Սուազի եւ Չուրումի քրտական կոտորածները:

Share this Article
CATEGORIES