Հոլանտացի Սթիւընզ Վերադարձաւ Շթութկարթ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ հոլանտացի մարզիչ Հիւպ Սթիւընզ վերադարձաւ Շթութկարթ: Ան քանի մը տարի առաջ խումբին մարզիչն էր, երբ փրկած էր իր կազմը Բ. դասակարգ փոխադրուելէ:
60 տարեկան Սթիւընզ նախապէս եղած է նաեւ Շալքէի, Հերթա Պերլինի եւ Շթութկարթի մարզիչը:
«Պունտըսլիկա»-ի կազմը` Շթութկարթ յայտնեց, որ Արմին Վեհ, որ 2007-ին խումբին հետ ախոյեան հանդիսացած էր, կորսնցուց մարզիչի իր պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ 12 մրցումէ միայն 2 յաղթանակ արձանագրելով իր կազմին հետ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը` 9 կէտով:
CATEGORIES Մարզական

