Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:

Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Խըյուլը:

Ֆետերասիոնը նոր թուական մը ճշդեց Բ. դասակարգի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած երեք մրցումներուն:

Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Նըժմէ 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Նոյն պատճառով 1 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի:

Խըյուլի պատասխանատուներէն Ուիսամ Ապտալլա վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իր ոչ մարզավայել կեցուածքին պատճառով:

Իսկ անոր մարզիկներէն Ահմետ Խըրէյս 3 մրցումով կախակայուեցաւ` մարզիկի համար ոչ արժանավայել կեցուածքին պատճառով:

Մէկ տարիով կախակայուեցաւ Ահլի Նապաթիէ պատասխանատուներէն Մոհամետ Պիթար` անարգական վերաբերմունք ունենալուն պատճառով:

Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական մրցումով կախակայուեցան Վարդան Պոյաճեան, Գէորգ Օհանեան (ՀՄԸՄ), Յակոբ Տօնապետեան (Սալամ Զղարթա), Հասան Ֆըրտաուս (Խըյուլ) եւ ուրիշներ:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սաֆա – Շապապ Ղազիէ 14:15 Սաֆա
Ահտ – Նեպի Շիթ 15:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Շապապ Սահել – Անսար 15:30 Պէյրութ
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Թրիփոլի – Ռասինկ 14:15 Թրիփոլի
Թատամոն Սուր – Ախա Ահլի Ալէյ 14:15 Սուր
Նըժմէ – Սալամ 15:30 Սայտա

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ամալ Թրիփոլի 14:15 Թրիփոլի
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Նապաթիէ 14:15 Սուր
Շեպիպեթ Մազրաա – Ահլի Սայտա 14:15 Ահտ
ՇԱԲԱԹ, 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Մապարրա – Սաժես 14:15 Ահտ
ՀՄԸՄ – Խըյուլ 14:15 Պուրճ Համուտ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Սաֆա 11:00 Շարք
Share this Article
CATEGORIES