ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՈՎՄԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պըրրի` Ղովմի կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ նախարար Ալի Քանսօ եւ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեք:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հարտան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումները միշտ հարուստ են` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շարք մը ազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ներքին կայունութիւնը եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարտան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը` շեշտելով, որ պէտք է հոգալ լիբանանցիներուն կարիքները:

Հարտան նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն համայնքային թէ յարանուանական բախումի բնոյթ ունեցող ամէն տեսակի բանավէճ:

Հարտան նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ ըստ Ղովմի կուսակցութեան, Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի կը վերածէ եւ կը հիմնուի համամասնական դրութեան վրայ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թանաս. հանդիպումին ներկայ էր Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին յանձնուեցաւ հրաւէր մը` այցելելու Ռումանիա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES