Պեռնար Շալանտ Հանդիպում Ունեցաւ Հայկական Ակումբներուն Մարզիչներուն Հետ
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի եւ Հայաստանի բարձրագոյն խումբի ակումբներուն գլխաւոր մարզիչներուն միջեւ:
Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Շալանտ եւ Հայաստանի հաւաքականի ֆիզիքական պատրաստութեան մարզիչ Թոմաս Ռիչըրտ ներկայացուցին իրենց պատրաստած տեղեկագիրը:
Ընդհանրապէս ներկայացուեցան այնպիսի ցուցանիշներ, թէ մրցումի մը ընթացքին ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ մարզիկներուն իրավիճակը կամ անոնց ունեցած արագութիւնը, ցուցադրած խաղարկութեան մանրամասնութիւնները եւ այլն:
Շալանտ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց, թէ ի՛նչ սկզբունքով կ՛ընտրուի այս կամ այն մրցումին մարտավարութիւնը:
Հանդիպումին վերջին բաժինով մարզիչները կարելիութիւն ունեցան հարցնելու զիրենք հետաքրքրող հարցումները:
Շալանտի նման բոլոր ակումբներուն մարզիչները նշեցին, որ այսպիսի հանդիպումներ կարեւոր են` հաւաքականի եւ ակումբներու մարզիչներուն միջեւ կապը ամրապնդելու տեսանկիւնէն:

