«Ամերիկեան Գարունը»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջապէս Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու մեծապետական սխրագործութիւնները կարծես թէ ինքն իր վրայ դարձած օրէ օր մտահոգիչ երեւոյթ մը կը պարզէ:

Պաշտպանութեան նախարարին հրաժարականը, նախագահը  փոքրամասնութեամբ ղեկավարելու երեւոյթը, անցնող օրերուն հարիւր եօթանասունվեց քաղաքներու մէջ անարդարութեան դէմ խլրտումները կու գան աւետելու «Ամերիկեան գարուն»-ը:

Օպամայի համար ներքին իմաստով տնտեսական ծրագիրները ձախողած են, իսկ արտաքին իմաստով հիմնական երկու օրակարգ հետապնդեց` պաղեստինեան թղթածրար եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրներու կասեցում: Երկուքն ալ` ոչ արդիւնաբեր ձեռքբերումներով: Իրաքի եւ Աֆղանիստանի ամերիկեան ուժերու հեռացումը եւ ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթին դէմ իր ամօթխած քայլերը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած են:

Փաստօրէն վերջին տարիներուն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի թղթածրարին հանդէպ անտարբեր կամ անկարող գտնուած Օպամայի վարչակարգը կամաց-կամաց սկսաւ ձախողութիւններ արձանագրել, եւ այսօր անուղղակի դէպք մը եկաւ ամերիկեան փողոցը տակն ու վրայ ընելու:

Չմոռնանք նաեւ Ուքրանիոյ հարցին մէջ Ամերիկայի ոչ յստակատես վերաբերմունքը:

«Ամերիկեան գարուն»-ը հասած է փաստօրէն Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի հեղինակը այսօր մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման կը գտնուի: Մարտահրաւէրներ ստեղծող Մեծ Ամերիկան ի՛նք կը գտնուի աննախընթաց դժուարութեան մը առջեւ:

Պատասխանը պարզ էր եւ յստակ: Ապիկար վերաբերմունքը ընդհանրապէս ահաբեկչութեան դէմ  ուրիշ հետեւանքներ չէր կրնար ունենալ, ինչ որ ունեցաւ այսօր:

Ահաբեկչական բոլոր արարքներու կասեցումը ամերիկեան վարչակարգի անկարողութեան հետեւանք է:

Բոլորս ալ կը յիշենք վերջին ամիսներու ամերիկեան բարձրաստիճան ղեկավարներու հակասական արտայայտութիւնները:

Անոնցմէ է Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահին ամբաստանութիւնը Թուրքիոյ նախագահին` ՏԱՀԵՇ-ի հարցով, յետոյ  ներողութիւն խնդրելը: Արտաքին գործոց նախարարին Սուրիոյ հարցին  գծով երեք տարբեր կեցուածքները` առաջինը բանակցութեամբ լուծելու, երկրորդը ահաբեկիչներուն զօրակցելու,  երրորդը Ասատը կամ ՏԱՀԵՇ-ը նշանակածը: Պաշտպանութեան նախարարին Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ներկայութեան հարցով, որ կը հակասէ Օպամայի որդեգրած քաղաքականութեան եւ այլն:

Այս բոլորէն անկախ պէտք է նաեւ ընդգծել, որ պաղեստինցիներուն օրակարգով ամերիկացիները միշտ եղան կողմնակալ` նեցուկ հրէական բոլոր ահաբեկչական արարքներուն եւ հովանաւորողը հրէական քոլանիներու շինութեան:

Ամերիկան միշտ ալ ունեցած է եւ փնտռած է իր շահերը: Միշտ ալ որեւէ թղթածրար մինչեւ վերջ չէ հետապնդած: Միշտ ալ իր կողմնակիցներուն յուսախաբ ըրած է: Սակայն Օպամայի վարչակարգը եղաւ վերոնշեալ բոլոր կէտերէն անցնելու եւ ապիկար մնալու: Համադրումին, յստակատեսութեան եւ բարոյական հարց ունի: Այս երեք կէտերն ալ ժողովուրդը կը մղէ, որ Ամերիկան «Գարուն» պահանջէ:

Մէկ անգամուան համար պէտք է բոլոր մեծ պետութիւնները զգան, որ միայն ուրիշ երկիրներ տակնուվրայ ընելը չի բաւեր իրենք եւս իրենց մորթին վրայ թող զգան, որ արդարութիւն եթէ պիտի պահանջուի արդարութիւնը իր գինը ունի, եւ եթէ դուն արդար չես քու երկրիդ մէջ, իրաւունք չունիս ուրիշ երկիրներէ արդարութիւն պահանջելու:

Ամերիկայի մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցած խլրտումները ճի՛շդ է, որ իբրեւ մեկնարկ ափրիկեցի երիտասարդի մը անարդար սպանութեան առիթով է, սակայն այդ մէկը ուղղակի պատճառն է, սակայն վերոնշեալ բոլոր մատնանշումները կուտակուած անուղղակի պատճառներն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES