Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին Մէջ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հարցը Անսպասելի Ընթացք Ստացած Է

1128_EECՀայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը երէկ հաւաքուած էր քննարկելու մէկ հարց` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու համաձայնագիրի քննարկումին ընթացքին յարակից զեկուցում ներկայացնէ՞, թէ՞ ոչ:

Նշանակուած էին հիմնական եւ յարակից զեկուցողներ, սակայն քննարկումը այլ ընթացք ստացած է:

Յանձնախումբի փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան յայտարարած է, որ յանձնախումբը չի կրնար ընդհանրական գնահատական ներկայացնել, որովհետեւ յանձնախումբի  առնուազն երեք անդամներ` ինք, Թեւան Պօղոսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան կտրականապէս դէմ են Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալուն:

«Մենք տեսակէտ չենք կրնար ձեւաւորել: Ես կը պնդեմ` ասիկա միջազգային քաղաքական համաձայնագիր է, որ պէտք է անցնի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբով: Այս  յանձնախումբը պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ նման բանի համար: Որեւէ փոքր` 10 միլիոննոց վարկի համաձայնագիրը կը բերեն արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբով, այս ճակատագրական համաձայնագիրը` կ՛ըսեն զուտ տնտեսական է: Խնդիր չկայ, եթէ ասիկա զուտ տնտեսական է` մենք տնտեսութեամբ չենք զբաղիր, թող այդ տնտեսական յանձնախումբն ալ կրէ  պատասխանատուութիւնը Հայաստանը` Ռուսիոյ  կազմին մտցնելու համար», յայտարարած է Արզումանեան:

Քուէարկութեամբ որոշուած է նոյն հարցին անդրադառնալ երկուշաբթի:

Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու  մնայուն յանձնախումբի անդամները  ժողովէն ետք դռնփակ տեսակցութիւն մը ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ:

«Օտարերկրեայ դեսպաններու հետ մենք պարբերաբար կը կայացնենք նման հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կը քննարկուին համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը», հանդիպումը սկսելէ առաջ լրագրողներուն յայտարարած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Արտակ Զաքարեան:

Տեսակցութենէն ետք լրագրողները բազմաթիւ  հարցումներ ուղղած են դեսպան Ճոն Հեֆըրնին ե՛ւ  ներքաղաքական, ե՛ւ արտաքին քաղաքական կարեւոր հարցերու վերաբերեալ, սակայն դեսպանը խուսափած է տասնեակ լրագրողներու  հարցումներէն` ըսելով, թէ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ինք կրնայ պատասխանել հարցումներուն: Ան միայն խօսած է դռնփակ քննարկման մասին` ըստ էութեան, ոչ մէկ էական տեղեկութիւն հաղորդելով: «Սովորական հանդիպում էր արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ: Անդրադարձանք բազմաթիւ հարցերու: Յանձնախումբը մեր կարեւոր գործընկերներէն է, մենք պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենանք, եւ օրէնսդրական դաշտին մէջ իրականացուող աշխատանքները նոյնպէս մեծ կարեւորութիւն ունին», ըսած է Հեֆըրն եւ հեռացած` չպատասխանելով մնացեալ հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES